Ընդառաջելով Էնթերփոլի խնդրանքին, Յունուար 19-ին Հայաստան Թուրքիոյ յանձնած է երկու անձ, որոնք այդ երկրին մէջ ներգրաւուած էին կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ: Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ բարձր գնահատած է երկու յանցագործները յանձնելով՝ Հայաստանի ցուցաբերած համագործակցութիւնը։ Հրապարակած է ձերբակալուած անձերուն անունները՝ Էրքան Եըլմազ եւ Իպրահիմ Քայմաք։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։