Հռոմի «Cinema delle Provincie» շարժանկարի սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Ամերիկացի» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ՝ բեմադիր եւ գլխաւոր դերակատար Միքայէլ Գուրջեանի, որ այս առիթով յատկապէս Իտալիա ժամանած է։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան, «Cineclub international» ընկերութեան նախագահ Փաօլօ Մինութօ:
Ցուցադրութեան աւարտին, բեմադիրը պատասխանած է հայ եւ իտալացի հանդիսատեսի հարցումներուն:
Նշենք, թէ Հռոմէն ետք սոյն ժապաւէնը կը ցուցադրուէր նաեւ Պոլոնիա, Փատովա Միլանօ, Ֆլորենցիա եւ Ճենովա, ուր կան հայկական փոքր համայնքներ։
2022-ին արտադրուած «Ամերիկացի» ժապաւէնը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդ Չառլիի մասին, որուն ընտանիքը այդ ոճրագործութեան զոհ գացած է: Պատմութիւնը կը սկսի 1947-ին, երբ Չառլի, ի շարս այլ հայրենադարձներու կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի Խորհրդային Միութեան համայնավար վարչակարգի դաժան իրականութեան…:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։