Search
Close this search box.

Կեանք մը Հալէպի ճամբաներուն վրայ

 

«Կարեւոր չէ թէ ինչպէս կը գրես, կարեւորը գրես եւ պահպանես այդ յիշողութիւնը» 

Սաղաթէլ Պասիլ

 

2025-ը աշ­խուժ սկիզբ մը ու­նե­ցաւ Երե­ւանի մէջ, յատ­կա­պէս արեւմտա­հայե­րէնի առնչու­թեամբ: Հինգշաբ­թի, 9 Յու­նուարին CSN lab-ի կեդ­րո­նին մէջ, իսկ Շա­բաթ 11 Յու­նուարին «Յա­ռաջ արեւմտա­հայե­րէնի կեդ­րոն»-էն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­ղաթէլ Պա­սիլի «Կեանք մը Հա­լէպի ճամ­բա­ներուն վրայ» (հո­վանա­ւոր՝ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թիւն, սրբագ­րիչ՝ Մա­րալ Տիք­բի­կեան, վե­րանա­յող՝ Սօ­սի Մի­շոյեան, ձե­ւաւո­րող եւ էջադ­րող՝ Ռոս­տոմ Գու­յումճեան, «Զան­գակ» հրա­տարակ­չա­տուն, Երե­ւան, 2024) խո­րագ­րով գիր­քի շնոր­հահանդէ­սը:

Հա­տորը կը ներ­կա­յաց­նէ 1980-ական­նե­րու վեր­ջէն 2000-ական­նե­րու սկիզ­բի Հա­լէպ քա­ղաքի յի­շողու­թիւնը, այս պա­րագա­յին հե­ղինակ՝ Սա­ղաթէլ Պա­սիլի­նը: Ան աչազուրկ է, շաքարախտի պատ­ճա­ռով 27 տա­րեկա­նին կորսնցու­ցած է իր տե­սողու­թիւնը, բան մը, որ պատ­ճառ դար­ձած է կեդ­րո­նանա­լու իր մտքի պատ­կերնե­րուն վրայ եւ զա­նոնք գրա­ւոր յի­շողու­թեան վե­րածե­լու եւ հա­տոր­նե­րով հան­րութեան ներ­կա­յաց­նե­լու: Այս հա­տորը հե­ղինա­կին չոր­րորդն է, ուր իշ­խող է հա­լէպա­հայու խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն:

Հուրի Փիլիպպոսեան կ՚արտասանէ իր խօսքը հատորին մասին։ Պաստառին վրայ, առցանց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Սա­ղաթէլն ու Հու­րի Փի­լիպ­պո­սեանը հիմ­նած են «Հայ Հա­լէպ» դի­մագիր­քեան հար­թա­կը, ուր հոծ թի­ւով հա­լէպա­հայ հե­տեւորդներ իրենց յու­շե­րը կը պատ­մեն եր­բեմն գրա­ւոր, եր­բեմն ալ բա­նաւոր կեր­պով, լու­սանկար­ներ կը տրա­մադ­րեն հար­թա­կին, հար­ցազրոյցներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան հա­լէպ­ցի­ներու հետ: Նպա­տակը՝ քա­ղաքի յի­շողու­թեամբ ապ­րեցնել Հա­լէպը: «Հայ Հա­լէպ» հար­թա­կին առա­ջին շօ­շափե­լի ար­դիւնքն է Սա­ղաթէ­լի այս գիր­քը: Իսկ ին­չո՞ւ գիր­քը ներ­կա­յացուեցաւ CSN lab-ի (csnlab.net) մէջ, պար­զա­պէս որով­հե­տեւ այս հար­թա­կը եւս տա­րինե­րու գոր­ծունէու­թեամբ կը զբա­ղի քա­ղաքա­յին յի­շողու­թեան ու­սումնա­սիրու­թեամբ եւ աշ­խուժա­ցու­մով, մշա­կու­թա­յին երկխօ­սու­թեամբ, բարդ ան­ցեալի, քա­ղաքա­յին եւ հան­րա­յին տա­րածքնե­րու մէջ խօս­քի ու­սումնա­սիրու­թեամբ: Նպա­տակը՝ բա­ցայայ­տել, շօ­շափել եւ ու­սումնա­սիրելն է յի­շողութեան նուրբ շեր­տե­րը:

Ու­րեմն, CSN lab-ի շնոր­հահանդէ­սը նուիրուած էր քա­ղաքի յի­շողու­թեան. ներ­կայ էին մեծ թի­ւով ու­սա­նող­ներ Ամե­րիկեան հա­մալ­սա­րանի, Oral History Matters-ի (Բա­նաւոր յի­շողու­թեան հիմ­նախնդիր­ներ, Հա­յաս­տա­նի Ամե­րիկեան Հա­մալ­սա­րանի մէջ գոր­ծող ըն­կե­րու­թիւն մը, ղե­կավա­րը՝ Դոկտ. Հու­րիկ Աթ­թա­րեան) աշ­խա­տակից­ներ եւ տար­բեր եր­կիրնե­րէ ժա­մանած հայ երի­տասարդնե­րու փա­ղանգ մը: Ելոյթ ու­նե­ցան CSN lab-ի տնօ­րէնը, որ անդրա­դար­ձաւ այս երեք հար­թակնե­րու նոյն ուղղուածու­թեան մասին, գիր­քի խմբա­գիր Հու­րի Փի­լիպ­պո­սեան ներ­կա­յացուց «Հայ Հա­լէպ» հար­թա­կը, Հու­րիկ Աթ­թա­րեան ըն­թերցեց գիր­քէն երեք պատ­մուածք եւ գիր­քի հե­ղինակ Սա­ղաթէլ Պա­սիլ առ­ցանց ներ­կա­յացուց գիր­քը եւ պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­ներու հար­ցումնե­րուն: Հան­դի­սու­թիւնը հիմ­նա­կանին մէջ կեդ­րո­նացած էր ան­հա­տի մը,– այս պա­րագա­յին գիր­քի հե­ղինա­կին,– քա­ղաքի յի­շողու­թեան վրայ: Հա­լէպ քա­ղաքը կը ներ­կա­յացուէր պա­տանիի մը աչ­քե­րով: Ձեռ­նարկին ըն­թացքին ցու­ցադրուեցաւ գիր­քին կցուած քար­տէ­սը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Սա­ղաթէ­լի ճանչցած Հա­լէպը ամե­նայն ման­րա­մաս­նութեամբ:

Զեփիւռ Թամիրեան կը կարդայ գիրքէն հատուած մը

«Յա­ռաջ արեւմտա­հա­յե­րէնի կեդ­րոն»-էն ներս տե­ղի ու­նե­ցած շնոր­հա­հան­դէ­սին առա­ւելա­բար ներ­կայ էին հա­լէպա­հայեր: Այնտեղ նոյնպէս ելոյթ ու­նե­ցաւ Հու­րի Փի­լիպ­պո­սեան, որ իր խօս­քին մէջ ներ­կա­յացուց «Հայ Հա­լէպ» հար­թա­կը, անոր ինչպէս եւ ին­չու ստեղ­ծուիլը, յայտնե­լով որ հար­թա­կը կը զբա­ղի Հա­լէպի հայ հա­մայնքի ար­խի­ւագ­րութեամբ, որուն նպա­տա­կը Հա­լէպի եր­բեմնի հայ­կա­կան դի­մագի­ծը պահ­պա­նելն է, որ­մէ ետք անդրա­դար­ձաւ հե­ռակայ ծրա­գրե­րուն, թէ «Հայ Հա­լէպ»-ը պի­տի վե­րածուի կայ­քէ­ջի, որուն հա­մար ար­դէն իսկ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թե­նէն դրա­մաշ­նորհ մը ստա­ցած են: Կայ­քէ­ջը հա­սանե­լի պի­տի ըլ­լայ հա­մայն աշ­խարհի հա­յու­թեան, ուր հպումնե­րով պի­տի տես­նեն, կար­դան կամ դի­տեն հար­ցազրոյցներ, Հա­լէպի յի­շողու­թեան մա­սին զա­նա­զան նիւ­թեր, բան մը որ կրնայ օրի­նակ հան­դի­սանալ եւ խթան, որ­ ստեղ­ծուին այլ քա­ղաք­նե­րու եւս յու­շագրութիւններ եւ քար­տէսներ: Խօսք առաւ լրագ­րող, վեր­լուծա­բան Սա­գօ Արեան, խօ­սեցաւ Հա­լէպի ու ներ­կա­յացուած գիր­քին կա­րեւո­րու­թեան մա­սին: Հե­ղինակ Սա­ղաթէլ Պա­սիլ հե­ռակայ մաս­նակցու­թեամբ ներ­կա­յացուց գիր­քը գրե­լու դրդա­պատ­ճառնե­րը, ինչպէս նաեւ շեշ­տեց յի­շողու­թիւննե­րու պահ­պանման կա­րեւո­րու­թեան մա­սին, ըսե­լով. «Կա­րեւոր չէ թէ ինչպէս կը գրես, կա­րեւո­րը գրես եւ պահ­պա­նես այդ յի­շողու­թիւնը»։ Շնոր­հահանդէ­սի ըն­թացքին Ժի­րայր Կա­րապե­տեան ըն­թերցեց գիր­քէն «Փո­ղոցս» յու­շագրու­թիւնը, իսկ Զե­փիւռ Թա­միրեան՝ «Ես եւ թե­թաս՝ Մաշ­թա­լի ճամ­բան», որ­մէ ետք կար­դաց իր գրած յու­շագրու­թիւնը: Աւար­տին, հան­դի­սատես­նե­րը հար­ցումներ յղեցին հե­ղինակին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ