Յունուար 20-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, 18 միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը, այցելած է նախագահական ապարանք՝ յանուն Լիբանանի հայ առաքելական համայնքին իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնելու նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունին: Վեհափառ հօր ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Ողջունելով նախագահ Աունի ընտրութիւնը՝ Վեհափառ հայրապետը նշած է, թէ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայի տագնապներուն դիմաց՝ նախագահի գործունէութիւնը հարկ է որ դառնայ երկրին փրկութեան ուղղուած առաքելութիւն, շեշտելով որ Լիբանանի հայ համայնքը պատրաստ է գործնապէս մասնակից դառնալու այդ առաքելութեան:
Այս առիթով Արամ Ա. նախագահին ընդհանուր կերպով ներկայացուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ ներքին ու թեմական կառոյցներով:
Խօսք առնելով նախագահ Աուն՝ շնորհակալութիւն յայտնած է Վեհափառ հայրապետին եւ հայ համայնքին՝ իր նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն ու բարեմաղթութիւններուն համար: Մեծապէս կարեւոր նկատած է հայ համայնքին մասնակցութիւնը թէ՛ կազմուելիք կառավարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի վերականգնումի աշխատանքներուն՝ շեշտելով բոլոր համայնքներուն միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ Լիբանանը առաջնորդել դէպի բարգաւաճում:
Հանդիպման աւարտին, Նորին սրբութիւնը Բարձր Բերդի Աւետարանին կրկնօրինակը նուիրած է նախագահ Աունին։ Հանդիպումէն ետք, Վեհափառ հայրապետը եւ երեսփոխան Բագրատունի առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցած են նախագահին հետ՝ նոր կառավարութեան կազմութեան հարցին շուրջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։