ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Այցելութիւն Եագուպիէ

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդութեան հաղորդագրութիւնը

«Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. արք. Աշգարեանի թելադրութեամբ, Արժ. Տ. Արշակ աւ. քհնյ Ալաճաճեան վերջերս միօրեայ առաքելութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Եագուպիէ։

Քահանայ հայրը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Ղուկասին եւ Ղնէէի հոգեւոր հովիւ՝ հայր Խոգազի ու գիւղացիներուն կողմէ։ Ան այցելեց մեր զոյգ եկեղեցիները թէ՛ Հրաշագործ Ս. Աննայի մատուռը, եւ թէ’ Ս. Հռիփսիմէի եկեղեցին, որոնք վերանորոգուած ու բարեզարդուած են, ինչպէս նաեւ Լատինաց եկեղեցին։ Ան բոլոր սրբավայրերուն մէջ ալ ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ՝ գոհութեան ու փառաբանութեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ իր օրհնութիւններուն, բարիքներուն ու ողորմութեան համար։

Քահանայ հայրը այցելեց նաեւ հայկական Ազգ. «Վերածնունդ» վարժարանը եւ գերեզմանատունը, որոնք նորոգուած եւ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին։ Քահանայ հայրը հանդիպեցաւ նաեւ կարգ մը հայ ընտանիքներու հետ, որոնք այնտեղ կը բնակին։ Կացութիւնը որոշ իմաստով բարելաւուած է կ՚ըսուի եւ կարգ մը ընտանիքներ արդէն սկսած են վերադառնալ եւ ստանձնել իրենց բնակարաններն ու կալուածները։

Կը յուսանք, որ մօտ ապագային կեանքը կը վերագտնէ իր բնականոն ընթացքը եւ բռնի պայմաններու տակ իրենց ծննդավայրն ու գիւղը թողած եւ այլ շրջաններ ապաստանած մեր ժողովուրդի զաւակները կը վերադառնան իրենց սիրելի եւ կարօտալի աւանը՝ Եագուպիէ եւ վերատիրանալով իրենց կալուածներուն, արտերուն ու բնակարաններուն, նոր շունչով, երազներով, յոյսերով ու վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակեն իրենց կեանքը, աշխատանքն ու առօրեան»։