Յունուար 22-ին ծայր առած Մատրիտի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին (Fitur 2025) միասնական տաղաւարով մասնակցած են հայկական ընկերութիւնները՝ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբի գլխաւորութեամբ։
Fitur 2025-ը, միաւորելով շուրջ 184 երկիրներէ զբօսաշրջային բնագաւառի մասնագէտներ, կը հանդիսանայ բնագաւառի՝ աշխարհի առաջատար ցուցահանդէսներէն մէկը։
Առաջին օրը ցուցահանդէս այցելելով հայկական ընկերութիւններուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուէր մինչեւ Յունուար 26։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։