Փետրուար 4-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու ծերակուտական Ռոճըր Ուիքերի (Հանրապետական կուսակցութիւն), գոնկրէսականներ Էնտի Հարրիսի (Հանրապետական կուսակցութիւն), Ֆրենք Փալոնի (Դեմոկրատական կուսակցութիւն) եւ Ռիչըրտ Հատսընի (Հանրապետական կուսակցութիւն) հետ։
Հանդիպումին քննարկուած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները։
Ամերիկացի խորհրդարանականները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը՝ զարգացնելու Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները եւ ընդգծած ռազմավարական գործընկերութեան ստորագրուած փաստաթուղթով նախատեսուած բնագաւառներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Անոնք մատնանշած են ԱՄՆ-ու նոր վարչակազմին հետ աշխուժ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ երկկողմ օրակարգի շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով։
Քննարկման մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան հոլովոյթին, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։