Գերմանիոյ մէջ լոյս տեսած է նոր գիրք մը, որ ի մի կը բերէ հայ գրականութեան անցեալ դարու առաջատար բանաստեղծներու եւ գրողներու ստեղծագործութիւնները։
«Քսաներորդ դարը՝ քերթուածք եւ արձակ Հայաստանէն» խորագրով հրատարակուած գիրքին մէջ տեղ գտած են թէ՛ արեւմտահայ թէ՛ արեւելահայ մտաւորականներուն գլուխ-գործոցները, որոնք կը բնորոշեն ազգային եւ համամարդկային գաղափարներու ներդաշնակ զուգակցումը։
Թարգմանաբար գերմաներէն լեզուով հրատարակուած գիրքը հաւաքածոյ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ 33 բանաստեղծներու երկերը։
Շուրջ 230 էջերէ բաղկացած հատորին գերմաներէն թարգմանութիւնը ստանձնած է Պերլինի «Frei» համալսարանի դասախօս, բանասէր դոկտ. Ժիրայր Քոչարեան։ Թարգմանութեան աշխատանքի աւարտին լրացուցիչ լուսաբանութեամբ գիրքը վերաշարադրած է գերմանացի բանասէր եւ ընկերաբան Դոկտ. Թեսա Հոֆման։
Հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները որպէս հաւաքածոյ ընթերցողին կը ներկայացուին եօթը հիմնական վերնագրերու ներքեւ, փորձելով պարզել հետեւեալ հարցումին պատասխանը, որ մատնանշուած է գիրքի կողքին վրայ.
«Հայերու համար քսաներորդ դարը ամենաողբերգականն էր, ողբերգութիւններով հարուստ իրենց պատմութեան մէջ։ Ան բերաւ զանգուածային աւերածութիւններ եւ պատմական բնակավայրի գրեթէ ամբողջական կորուստ, երկու համաշխարհային պատերազմներու եւ Խորհրդային բռնապետութեան տակ մնացած հայրենիքի բաժանում։ Հայ գրողները ինչպէ՞ս դիմագրաւեցին կեանքի ու հայրենիքի կորուստի այս սրընթաց յաջորդականութիւնը, որ միայն կարճ ժամանակով ընդհատուած է ունայն յոյսով։ Ի՞նչը անոնց ուժ եւ վստահութիւն տուաւ»։
Հարցո՛ւմ, որ կարելի է ընկալել այժմէական, յատկապէս Արցախեան կորուստէն յետոյ։ Ենթադրելի է որ գիրքի հեղինակները այս պատճառով չեն զլացած Արցախեան եռագոյնը եւս աւելցնել գրաշապիկին։
Փետրուար 1-ին, Պերլինի «Հայ տուն»-ին մէջ տեղի ունեցած է գիրքին շնորհահանդէսը, ուր ներկայ եղած են զոյգ հեղինակները՝ Ժիրայր Քոչարեան եւ Թեսա Հոֆման, տեղւոյն համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։
Հատորին հեղինակները հայերէն եւ գերմաներէն ընթերցումներ կատարած են Դանիէլ Վարուժանի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Պարոյր Սեւակի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Թումանեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ գիրքին մէջ լոյս տեսած այլ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններէ հատուածներ։
Հանդիսաւորութեան աւարտին տեղի ունեցած ընդունելութեամբ ներկաները առիթը ունեցած են զրուցելու գիրքին հեղինակներուն հետ։
Լուսանկար՝ Հրանդ Գասպարեանի
(Քաղուած՝ «Ակօս»-ի մէջ լոյս տեսած Հրանդ Գասպարեանի թղթակցութենէն)
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։