ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ – Դեսպան Տըքոթինյիի այցը ֆրանսահայ մարզիկներուն

Երեք­շաբթի, Փետ­րուար 4-ին, Հա­մահայ­կա­կան ձմե­ռնային խա­ղերու մաս­նա­կից Ֆրան­սա­յի պա­տուի­րակու­թիւնը ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի դես­պան Տը­քոթին­յիի անակնկալ հրա­ւէրը ճա­շի՝ Ջեր­մուկ ճա­շարա­նին մէջ։

Պա­տուի­րակու­թե­նէն 19 ան­դամ շատ հա­ճելի ու մտեր­միկ երե­կոյթ մը ան­ցուցին Ջեր­մուկի ձիւ­նա­պատ քա­ղաքին մէջ։ Ոչ մէկ այլ երկրի պա­տուի­րակու­թիւն ար­ժա­նացաւ իր երկրի դես­պա­նի այ­ցե­լու­թեան։

Պա­տուի­րակու­թեան ան­դամները պա­տիւն ու­նե­ցան դես­պա­նին հետ անձնա­կան շփում ու­նե­նալու։ Դես­պա­նը ճա­շի ըն­թացքին, երեք ան­գամ տեղ փո­խեց տար­բեր խմբակ­նե­րու հետ զրու­ցե­լու, ներ­կա­ներուն հետ մէկ առ մէկ ծա­նօթա­նալու հա­մար։ Այս առ­թիւ պա­տուի­րակու­թեան պա­տաս­խա­նատուն՝ Հեր­մի­նէ Տիւ­զեան դես­պա­նին նուիրեց ֆրան­սա­հայ մար­զիկնե­րուն կրած հա­մազ­գեստը։

Դես­պան Տը­քոթին­յիի այ­ցե­լու­թիւնը ու­նէր նաեւ քա­ղաքա­կան բնոյթ։ Ան շեշ­տեց ֆրան­սա­հայ պա­տուի­րակու­թեան ներ­կա­յու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը Հա­մահայ­կա­կան ձմե­ռնային խա­ղերուն, նկա­տի ու­նե­նալով Ջեր­մուկի վրայ 2022-ին ազե­րական յար­ձա­կու­մը։ Իր բա­ժակա­ճառի ըն­թացքին խօս­քը ուղղե­լով ներ­կա­ներուն, ան յայտնեց Ֆրան­սա­յի ամ­բողջա­կան զօ­րակ­ցութիւ­նը, հե­տեւեալ բա­ռերով.

«Հե­ռուէն հա­սած էք Ջեր­մուկ՝ առիթ ստեղ­ծե­լով որ Ֆրան­սան ներ­կայ ըլ­լայ այս մրցոյ­թին: Եւ կը կար­ծեմ որ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի մրցումնե­րուն այստեղ՝ Ջեր­մուկի մէջ կա­յացու­մը, որով­հե­տեւ կը գտնուին Հա­յաս­տա­նի այն շրջա­նը, որ ուղղա­կի են­թա­կայ է Ազեր­պայճա­նի սպառ­նա­լիքին։ Զի­նուո­րական յար­ձա­կումնե­րու թի­րախ դար­ձած է, մա­սամբ գրա­ւուած է եւ հե­տեւա­բար այս խա­ղերու կա­յացու­մը այստեղ, իր շուրջ հա­ւաքե­լով աշ­խարհի տար­բեր ան­կիւննե­րէ մար­զա­խումբեր, որոնք լաւ պայ­մաննե­րու մէջ կը մրցակ­ցին, ցոյց կու տայ նաեւ որ Հա­յաս­տան կրնայ դի­մադ­րել: Մեր նպա­տակը, Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ մեր քա­ղաքա­կանու­թիւնը, ճի՛շդ այդ է, դի­մանա­լու կա­րողու­թիւնը ամ­րապնդե­լը: Ու­րեմն՝ ձեր յա­ջողու­թիւննե­րուն կե­նացը. կեց­ցէ՛ ֆրան­քեւհայ­կա­կան բա­րեկա­մու­թիւնը»։

Ֆրան­սա­հայ պա­տուի­րակու­թիւնը բաղ­կա­ցած է 22 հո­գիէ, որոնք կը մաս­նակցին դա­հու­կի, ձիւ­նա­մար­տի, ճատ­րա­կի մրցումնե­րուն։ Համահայկական ձմեռնային խաղերը տե­ղի ու­նե­ցան Փետ­րուար 1-7, Ջեր­մուկի մէջ։