Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղի բարձունքին բացուած է նահատակուած բերդաւանցի հերոսներու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրը, օծուած է խաչքարը։
Յուշահամալիրը կառուցուած է «Բերդաւան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ բերդաւանցիներու եւ ընկերներու աջակցութեամբ։
«Կարմիր ժապաւէնը կտրեցին, խաչքարի՝ ջրով եւ գինով լուացումն արեցին մեր նահատակների ընտանիքների անդամները։
Մեր նահատակ զաւակների, եղբայրների ու հայրերի սխրանքին ու յաղթանակի տեսիլքին հաւատարիմ ապրենք, որպէսզի կարողանանք վերականգնել մեր արժանապատւութիւնը եւ նզովուած չգնալ այս աշխարհից»,– ըսուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի դիմագիրքեան էջին կատարուած գրառման մէջ։ ■