Ֆրանքեւհայկական յուշագիր՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած նորարարութիւնները խթանելու համար

Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, թէ Փետրուար 10-ին, Փարիզի մէջ Նախարարութիւնը եւ ֆրանսական Mistral AI ընկերութիւնը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած նորարարութիւնները խթանելու նպատակով։ Այս համագործակցութիւնը թոյլ պիտի տայ գիտելիքներու փոխանակման եւ արհեստագիտական աջակցութեան միջոցով ամրապնդել Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան համակարգը, հարթակ տրամադրել արհեստական բանականութեան ոլորտի նորարարներուն՝ առեւտրային լուծումներ մշակելու համար, արհեստական բանականութեան արհեստագիտութիւնները ներառել կառավարութեան համակարգին մէջ՝ հանրային ծառայութիւններու կառավարումն ու որակը բարելաւելու նպատակով։