Ապաշրջափակման շուրջ Հայաստանի առաջարկները Պաքուի համար «գործնական նշանակութիւն չունին»

Մինչ Երեւանէն կը սպասեն ապաշրջափակման առաջարկներու շուրջ Պաքուի դրական պատասխանին, Փետրուար 11-ին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն հաղորդած են, թէ «այդ առաջարկները գործնական նշանակութիւն չունին եւ թիւրիմացութիւններու պատճառ կը դառնան»: 

Արդէն երեք ամիս անցած է եւ Պաքու տակաւին գրաւոր պատասխան չէ տուած ապաշրջափակման շուրջ հայկական կողմի առաջարկներուն, որոնց բովանդակութիւնը Հայաստանի իշխանութիւնները չեն բացայայտած, բայց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ըսած էր թէ «դրանք համապատասխանում են թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Բաքուի ակնկալիքներին»:

Ազերպայճան ապաշրջափակման հարցին կապակցութեամբ մնայուն կերպով կը յիշեցնէ Նոյեմբեր 9-ի 9-րդ կէտը։ Փետրուար 11-ին ալ այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութենէն կրկին ամբաստանած են Հայաստանը՝ իր ստանձնած պարտաւորութիւններէն հրաժարելու մեղադրանքով: Մինչդեռ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը կը շեշտէ, թէ «պատրաստ են Բաքուին անխոչընդոտ ճանապարհ տրամադրել Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանութեամբ»: