ՉԵԽԻԱ – Փրակայի «Յաւերժական յոյս» փառատօնին հնչած է Տիգրան Մանսուրեանի «Requiem»-ը

Փետրուար 2-ին, Փրակայի «Sacre Coeur» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Յաւերժական յոյս» փառատօնի բացման համերգը, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի պատուոյ հովանաւորութեամբ։

Չեխիոյ մայրաքաղաքի սենեկային նուագախումբի մենակատարներուն կատարողութեամբ (ղեկավար՝ Ռատեք Պապորաք) հնչած է երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ««Requiem»-ը, զոր կազմակերպիչները նուիրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Համերգը մեծ գնահատանքի արժանացած է ունկնդիրներուն կողմէ։