Հայաստան ստացած է Պեռնի համաձայնագրի շրջանակին մէջ Ազերպայճանի ներկայացուցած պահանջագիրը

Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցչի գրասենեակը կը հաղորդէ.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2025 Փետրուար 12-ին ստացած է Եւրոպայի վայրի բնութեան եւ բնական միջավայրի պահպանութեան մասին 1979 թուականի Պեռնի համաձայնագրի ծիրէն ներս յարուցուած իրաւարարական գործով Ազերպայճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դատական պահանջագիրը։ Ան կը բխի իրաւարարական ատեանին կողմէ հաստատուած ընթացակարգային օրացոյցէն՝ սահմանուած 2024 Ապրիլ 12-ի առաջին դատավարական ունկնդրութենէն ետք, որուն ընթացքին կայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան համար նպաստաւոր շարք մը որոշումներ։

Հայաստան պիտի շարունակէ վճռականօրէն պաշտպանել իր դիրքորոշումը տուեալ դատավարութեան մէջ։ Ազերպայճանի ներկայացուցած իրաւական դիրքորոշումը հիմնուած է Պեռնի համաձայնագրի այնպիսի մեկնաբանութեան եւ կիրարկման վրայ, որ չի համապատասխաներ անոր նպատակներուն եւ առարկային, այսինքն՝ խթանել պետութիւններու միջեւ գործակցութիւնը՝ վայրի բուսական եւ կենդանական աշխարհը եւ անոնց բնական միջավայրերը պահպանելու համար։

Հակառակ Ազերպայճանի պնդումներուն՝ ՄԱԿ-ի Շրջակայ միջավայրի ծրագրի եւ այլ անկախ մարմիններու զեկոյցները փաստօրէն կը վկայեն, որ շրջակայ միջավայրին հասցուած վերջին տարիներու վնասին պատասխանատուն Ազերպայճանն է։ Հայաստան պիտի հերքէ այդ երկրի անհիմն պահանջները, ներառեալ՝ հատուցման պահանջը:

Հայաստան, Պեռնի համաձայնագրի անդամ պետութիւն դառնալէն ի վեր, հետեւողականօրէն հաւատարիմ է իր յանձնառութեան՝ պահպանելու տարածաշրջանի վայրի բնութիւնն ու շրջակայ միջավայրը։ Այս կ’արտացոլուի թէ՛ Հայաստանի բնապահական քաղաքականութեան մէջ, թէ՛ Պեռնի համաձայնագրի մնայուն յանձնաժողովի աշխատանքներուն իր մասնակցութեամբ»։