Ձախէն աջ՝ Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Սեւան կսրկ. Տէյիրմենճեան, Թէոդորոս եպiսկ. Զաքարեան, սաղիմահայ գրագիտուհի տիկին Անուշ Նագգաշեան, Ներսեհ վրդ. Ալոյեան, Արշակ աբեղայ Ղազարեան
Ի. դարու հայ քնարերգութեան ու արձակի մեծագոյն անուններէն մէկն է Կոստան Զարեան, որու ծննդեան 140-ամեակը այս շրջանին կը նշուի Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ կազմակերպուող տարբեր ձեռնարկներով։ Կոստան Զարեանի 140-ամեակին առթիւ բանախօսութիւն մըն ալ տեղի ունեցած է Փետրուար 10-ին Երուսաղէմի մէջ՝ օրհնութեամբ Ս. Աթոռի գահակալ Նուրհան արք. Մանուկեանի։
Այսպէս, Կիւլպէնկեան մատենադարանի սրահին մէջ «Անսովոր անցորդը՝ Կոստան Զարեան» խորագրով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին գրողի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սաղիմահայ գրասէր հասարակութեան ներկայացուցած է տեղւոյն Ս. Թարգմանչաց վարժարանի հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ դոկտ. Սեւան կիսասարկաւագ Տէյիրմենճեան։
Կը բանախօսէ Սեւան կսրկ. Տէյիրմենճեան
Երանաշնորհ Եղիշէ Արք. Դուրեան պատրիարքի յոբելեանին առթիւ կառուցուած հոյաշէն մատենադարանի սրահը փութացած են Ս. Աթոռի Տնօրէն ժողովի ատենապետ Թէոդորոս եպիսկ. Զաքարեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան միաբան Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Աւագ թարգման Վազգէն վրդ. Ալէքեան, Ձեռագրատան տեսուչ Արշակ աբեղայ Ղազարեան, Պատրիարք հօր գաւազանակիր Սիոն աբեղայ Թաքուշեան, ինչպէս նաեւ Ժառանգաւորաց ու Ս. Թարգմանչաց վարժարաններէ ուսուցիչներ ու աշակերտներ, սաղիմահայ գրասէրներ։
Երեկոյթի բացման խօսքը արտասանած է Մատենադարանի տեսուչ եւ «Սիոն» հանդէսի խմբագիր Ներսեհ վրդ. Ալոյեան, որ բարի գալուստ մաղթած է ներկաներուն ու ամպիոն հրաւիրած է օրուան բանախօսը։ Սեւան կսրկ. Տէյիրմենճեան նախ անդրադարձած է Զարեանի Շամախիէն ծնունդ առած կեանքի ուղիին, որ բազում հանգրուաններու կարգին ատեն-ատեն կանգ առած էր նաեւ Պոլսոյ, Պէյրութի, Փարիզի, Վենետիկի, Երեւանի մէջ։ Բազմաթիւ օտար լեզուներ գիտնալով ու անոնց հետ ստեղծագործել կարենալով հանդերձ, Զարեան նախընտրած էր իր մայրենին, քանի որ ըստ իրեն լեզուն արիւնի պէս էր եւ ինչպէս կարելի չէ փոխել երակներու մէջ հոսող արիւնը, այնպէս ալ մարդ չի կրնար իր լեզուն փոխել։
Բանախօսը խօսած է նաեւ «Նաւը լեռան վրայ», «Անցորդը եւ իր ճամբան», «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» վէպերուն, «Գիրք դիւցազներգութեանց» հատորին, ինչպէս նաեւ Կ. Զարեան-Լ. Տարըլ կապին մասին։ Հետաքրքրաշարժ բանախօսութեան աւարտին ներկաները առիթ ալ ունեցած են հարցումներ ուղղելու բանախօսին։
Ձեռնարկի հուսկ բանքը արտասանած է Թէոդորոս եպիսկ. Զաքարեան, որ կարեւոր նկատած է մեր մշակոյթի ու գրականութեան արժէքները ծանօթացնելու ուղղութեամբ առնուած քայլերը։ Ան գնահատած է երեկոյթին կազմակերպիչները եւ յաջողութիւն մաղթած անոնց։ Ձեռնարկը վերջ գտած է միասնաբար արտասանուած «Հայր մեր»-ով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։