Ռուբէն Վարդանեան մերժած է խեղկատակ դատավարութեան մասնակցիլ եւ հացադուլ յայտարարած է

Փետրուար 19-ին, Ռուբէն Վարդանեան իր ընտանիքին հետ հեռաձայնային զրոյցին փոխանցած է միջազգային հանրութեան ուղղուած ստորեւ տրուած յայտարարութիւնը՝ իբրեւ բողոք կեղծ դատավարութեան դէմ։

«Ես որոշեցի հացադուլի միջոցով բողոքս յայտնել ի նշան իմ նկատմամբ իրականացուող կեղծ դատավարութեան: Սա իմ պատասխանն է միջազգային իրաւունքի եւ Ազերպայճանի դատավարական իրաւունքի չափանիշերու կոպտագոյն խախտումներուն: Այն, ինչ որ կը կատարուի դատարանի դահլիճին մէջ, չի կրնար համարուիլ դատավարութիւն: Սա քաղաքական շօու է, ուր ցուցադրաբար կ’արհամարհուի արդար դատաքննութեան իմ իրաւունքը:

Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ես ու իմ հոս գտնուող փաստաբանը՝ Ապրահամ Պըրմըն փորձեցինք դատարանին հասկցնել, որ ինծի համար չափազանց կարեւոր է «դատաքննութեան» առարկայական ըլլալը, այլ ոչ թէ կեղծումի բնոյթ կրէ: Ցաւօք, այսպէս սկիզբէն ալ յստակ էր, որ այս գործը ուղղուած է իմ դէմ միայն անոր համար, որ ես գործածած եմ միջազգային չափանիշերով սահմանուած՝ կարծիքի արտայայտման ազատութեան եւ քաղաքական մասնակցութեան իմ իրաւունքը, որուն նպատակն էր պաշտպանել Արցախի քրիստոնեայ հայ բնակչութեան իրաւունքները: Թէեւ Ազերպայճան կը հանդիսանայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրերու ու Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի անդամ, այս գործընթացը կ’իրականացուի բոլոր կիրարկելի իրաւական չափանիշերու եւ իրաւական ընթացակարգերու կոպիտ խախտումներով։

  • Իմ գործը կը քննէ ապօրինաբար՝ ոչ թէ քաղաքացիական, այլ ռազմական, դատարանը:
  • Ես չեմ ունեցած լիարժէք հասանելիութիւն մեղադրական եզրակացութեան ու իմ դէմ ներկայացուած այսպէս կոչուած «ապացոյցներուն». ազերպայճաներէնով գրուած 422 հատոր նիւթերուն ծանօթանալու համար ինծի տրամադրուած է ընդամէնը 21 աշխատանքային օր:
  • Ինծի ներկայացուած «մեղադրական եզրակացութիւնը» պաշտօնական փաստաթուղթ չի հանդիսանար, քանի որ ստորագրուած չէ մեղադրողներու կողմէ: Այդ «փաստաթուղթի» թարգմանութեան մէջ նոյնիսկ թոյլ տրուած են այնպիսի սխալներ, որոնք հնարաւորութիւն չեն տար հասկնալու ինծի ներկայացուած մեղադրանքներու էութիւնը:
  • Ես զրկուած եմ պաշտպանութեան իրաւունքէն. իմ փաստաբան Ապրահամ Պըրմըն սահմանափակ հասանելիութիւն ունի գործի նիւթերուն, կ՚առգրաւուին փաստաթուղթեր, հոգեբանական ճնշում կը գործադրեն անոր վրայ: Բացի ատկէ, իմ միջազգային իրաւաբանական խումբին արգիլուած է շփուիլ կամ հանդիպիլ ինծի հետ եւ տեղեկանալ գործի նիւթերուն:
  • Ինծի թոյլ չի տրուիր հրաւիրել պաշտպանական կողմի վկաներ եւ բողոք ներկայացնել ընդդէմ այն խախտումներուն, որոնք թոյլ տրուած են նախաքննութեան եւ դատաքննութեան ընթացքին:
  • Բոլոր նիստերը կ’ընթանան գաղտնի եւ հանրութեան փակ: Միջազգային լրագրողներու եւ միջազգային ներկայացուցիչներու մուտքը դատարան կը խոչընդոտուի:
    Այս «դատաքննութիւնը» միայն իմ նկատմամբ չէ: Սա փորձ է դատապարտելու բոլոր հայերը, որոնք օգնած ու աջակից եղած են Արցախին ու անոր բնակչութեան: Սա հարուած է՝ ուղղուած ամբողջ ժողովուրդի մը: Ես կը մերժեմ այս խեղկատակութեան մասնակցիլ: Ես կը դիմեմ աշխարհի առաջնորդներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, իրաւապաշտպաններուն, լրասփիւռներու ներկայացուցիչներուն։
  • Այս գործընթացը ձեր ուշադրութիւնը կը պահանջէ, քանի որ կեղծ արդարադատութեամբ՝ ապօրինութիւնն ու անարդարութիւնը արդարացնելու փորձ է: Նման խախտումները անարձագանգ թողոելը ճամբայ պիտի հարթէ ապագայ ողբերգութիւններու համար՝ թշնամանքի ու ատելութեան նոր ալիք հրահրելով: Միայն ճշմարտութեան, օրէնքի ու մարդասիրութեան միջոցով կարելի է տարածաշրջանին մէջ արդարութիւն ու խաղաղութիւն ապահովել»։