Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանցիները Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհին քարերով հարուածած են հայ վարորդի մը կառքը

Յունուար 10 ին, ոստիկանութեան Քաշաթաղի շրջանային բաժինը Վանաձոր քաղաքի բնակիչ Վ.Պ.-էն իմացած է, թէ վերջինիս վարած «Նիսան» մակնիշի կառքը Ստեփանակերտ-Երևան ճանապարհին` Շուշիի մօտակայքը, Ազէրպայճանցիներու կողմէ հարուածի ենթարկուած է։

Ազէրիները քարերով հարուածած են կառքը եւ վնասած զայն։

Դէպքի կապակցութեամբ Արցախի ոստիկանութիւնը ստուգումներ կը կատարէ։

Նոյն օրը, Ասկերանի մէջ եւս Ազէրպայճանցիները շուրջ 15 վայրկեան տեւողութեամբ կրակ բացած են նռան այգիի մը մէջ աշխատող չորս քաղաքացիներու տրակտորին ուղղութեամբ։

Կրակը դադրեցուած է  ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ, իսկ Արցախի քաղաքացիները անվնաս տարհանուած են։