Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու, անդրադառնալով Ղազախստանի իրադարձութիւններուն՝ ըսած է, թէ իրենց փափաքն է, որ ժամ առաջ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի։
Ան դիտել տուած է, թէ այդ նպատակի իրագործման համար իրենք Ղազախստանին կաջակցին թէ՛ Թուրքիոյ և թէ՛ Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մակարդակով:
Ըստ թուրք նախարարին՝ այդ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խնդիրները Թուրքիան կ՚ընդունի իբրեւ իր սեփականը:
“Միւս անդամ երկիրներու, այսինքն թուրքական աշխարհի խնդիրները մեր խնդիրներն են: Ամբողջ աշխարհը այդ տեսաւ Ղարաբաղի յաղթանակի ժամանակ”,– ընդգծած է ան: