ԳԵՐՄԱՆԻԱ – «Կը դատեն, որովհետեւ հայ են»

Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց՝ հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Ազերպայճանի նկատմամբ պատիժներ կիրարկելու պահանջով

Մարտ 10-ին, Պերլինի մէջ՝ Պրանտեպուրկեան դարպասներուն մօտ, Գերմանիոյ հայերու կեդրոնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, բազմաթիւ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ, մտահոգ քաղաքացիներ եւ տեղւոյն հայ համայնքի անդամները բողոքի ցոյց կատարած են՝ Ազերպայճանէն պահանջելով ազատ արձակել հայ գերիները: Ցոյցի մասնակիցներուն համաձայն՝ գերեվարուած պատանդները Պաքուի մէջ կը դատուին, որովհետեւ հայ են։

Անոնք պահանջած են պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի պաշտօնատարներու եւ կառոյցներու նկատմամբ։ «Նկատի ունենալով Ազերպայճանի կողմէ մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումները՝ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) պէտք է թիրախաւոր պատիժներ կիրարկէ պատասխանատուներու, ի շարս որոնց՝ բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու դէմ եւ վերատեսութեան ենթարկէ այդ երկրին հետ իր տնտեսական եւ ուժանիւթային յարաբերութիւնները՝ խուսափելու համար մեղսակցութենէ»,– նշուած է ցուցարարներու յայտարարութեան մէջ:

Ցոյցի մասնակիցները ԵՄ-էն պահանջած են նաեւ կանխել Արցախի մշակութային արժէքներու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը։ «ԵՄ-ը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազերպայճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ ազատ արձակուին հայ գերիները, անոնց կարգին՝ Ռուբէն Վարդանեան»,– յայտարարած են ցուցարարները։