ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – ՀՄԸՄ-ի փոքրիկներուն այցը՝ Թիֆլիսի Տիկնիկային մշակոյթի տուն

Մարտ 10-ին, ՀՄԸՄ-ի գայլիկ-արծուիկները այցելած են «Գարի Դաւթեան» տիկնիկային մշակոյթի տունը, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր կը գործէ Թիֆլիսի մէջ։

Տիկնիկագործ, տիկնիկային ներկայացումներու բեմադիր` Ժաննա Դաւթեան ներկայացուցած է Տան պատմութիւնը, խօսած է տիկնիկներու մասին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ստեղծման իւրայատուկ պատմութիւնն ու ճակատագիրը։

Ան նաեւ ցուցադրած է տիկնիկային կարճ ներկայացում մը։