Ռուբէն Վարդանեանի գրաւականը

Ռուբէն Վար­դա­նեան աւելի քան երեք շա­բաթ է որ հա­ցադու­լի մէջ է։ Բան­տէն յղած իր ու­ղերձը, ըն­տա­նիքին մի­ջոցաւ հան­րայնա­ցած, մի­ջազ­գա­յին ար­դա­րադա­տու­թեան պա­հանջ է. «Իմ բո­լոր հայ­րե­նակից­նե­րուն, սի­րելի ու հա­րազատ մարդոց կ՚ու­զեմ ըսել հետեւեալը՝ կը դա­տեն ոչ թէ զիս ու միւս 15 հո­գին, այլ բո­լոր հա­յերը»։

Ու­ղերձը, որ­քան որ հայ­րե­նակից­նե­րուն ուղղուած է, նոյնքան եւ աւե­լի՝ մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թեան, որ ցարդ հա­սարակ դա­տապար­տումնե­րէ ան­դին չէ ան­ցած, ոչ մէկ պատ­ժա­կան քայ­լի ձեռ­նարկած է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ձեռ­նարկել, երբ ազատ աշ­խարհի հզօ­րագոյն երկրի՝ ԱՄՆ-ու խորհրդա­րանը կը դա­տապար­տէ Պատժական միջազգային ատեանի որո­շումներն ու դա­տաւոր­նե­րը։

Պա­քու շատ լաւ կը գի­տակ­ցի ռազ­մա­գերի­ներուն ազատ ար­ձակման հար­ցին շուրջ հայ հա­սարա­կու­թեան զգայ­նութեան։ Ու­ղերձը ըն­տա­նիքին փո­խանցելու արտօնու­թիւնը ինքնին կ՚ընդգծէ անոր իբ­րեւ խա­ղաթուղթ օգ­տա­գոր­ծումը Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղաքա­կան կեան­քը ալե­կոծե­լու նպա­տակով, մինչ դա­տավա­րու­թիւնը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին դէտե­րու, փաս­տա­բան­նե­րու, լրագ­րողնե­րու բա­ցակա­յու­թեան պայ­մաննե­րու մէջ, մինչ նոյ­նիսկ Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութե­նէն՝ ռազ­մա­գերի­ներուն այ­ցե­լելու իրա­ւասու միակ կառոյցէն կը պա­հան­ջուի լքել եր­կի­րը։ Ռազ­մա­գերի­ներու մե­կու­սացման ու հսկո­ղու­թեան այս ծայ­րա­գոյն պայ­մաննե­րուն մէջ, քա­ղաքա­կան բո­վան­դա­կու­թիւն ու­նե­ցող ու­ղերձի մը փո­խան­ցումին թոյլտւու­թիւնը բնա­կանա­բար հար­ցադրու­մի առիթ կու տայ. ին­չո՞ւ այս բա­րեացա­կամու­թիւնը։

Ռ. Վար­դա­նեանի ու­ղերձը եր­կու առու­մով կը հե­տաքրքրէ Պա­քուն. նախ, հա­ցադու­լի պատճառով Վար­դա­նեանի ար­տա­քնապէս հիւ­ծած պատ­կե­րին տարածումը եւ երկրորդ՝ անձնա­ւորու­թեան ան­կախ ու հա­կոտ­նեայ տե­սակէտ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան դիր­քո­րոշումնե­րուն նկատմամբ։ Ու­ղերձը իր մէջ կ՚ամ­փո­փէ հայ­կա­կան աշ­խարհի ազ­գա­յին ու քա­ղաքա­կան հա­կասու­թիւննե­րը։

Յատ­կանշա­կան է՝ հա­կառակ ար­դէն աւելի քան երեք շա­բաթ է տե­ւող հա­ցադու­լին, Ռ. Վար­դա­նեանի ազ­գա­յին բա­րոյա­կան ոգին բարձր է. «Ես զոհ չեմ, ինծի պէտք չէ խղճալ, քա­նի որ սա գի­տակցուած որո­շում է»։

Ի՞նչ գի­տակ­ցա­կան որո­շու­մի մա­սին է խօս­քը։ Վար­դա­նեան քա­ղաքա­կան դէմք չէր, մին­չեւ Ար­ցախ հաս­տա­տուի­լը եւ պե­տական նա­խարար նշա­նակուիլը Նո­յեմ­բեր 2022-ին, որ­մէ ետք Դեկ­տեմբեր 12-ին Ար­ցա­խի շրջա­փակու­մը սկսաւ, որ տե­ւեց 9 ամիս, մին­չեւ Ար­ցա­խի վրայ յար­ձա­կումն ու ար­ցախցի­ներու ցե­ղային զտումն ու ար­տաքսու­մը իրենց պա­պենա­կան հո­ղէն։ Այն ժա­մանակ ան յայ­տա­րարած էր. «Ու­նինք մէկ ճա­նապարհ՝ ապ­րիլ, ստեղծել Ար­ցա­խի մէջ եւ հա­ւատալ մեր յա­ջողու­թեան»։ Պատ­գամ մը որ ուղղա­կի կը հա­կասէր Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան դիր­քո­րոշումնե­րուն, որ կը յոր­դո­րէր Ար­ցա­խի նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւն­եանին բա­նակ­ցութիւններ վա­րել ազեր­պայճանական իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հետ, Ազեր­պայճա­նի գե­րիշ­խա­նու­թեան ներ­քոյ՝ ար­ցախցի­ներուն ներ­քին ինքնա­վարու­թեան կար­գա­վիճակ մը ձեռք ձգե­լու նպա­տակով։ Դիր­քո­րոշում մը որ չէր բաժ­ներ Ռ. Վար­դա­նեան եւ ռուս խա­ղաղա­պահ զօր­քե­րու հո­վանա­ւորու­թեան ապա­ւինող Ար­ցա­խի ղե­կավա­րու­թիւնը։

Ռ. Վար­դա­նեան, իր բազ­մա­ծալք հե­տաքրքրու­թիւննե­րով ու ազ­գա­նուէր գոր­ծունէու­թեամբ, յստակ քա­ղաքա­կան տես­լա­կանի տէր անձ էր։ Նախ­քան Ար­ցախ մեկ­նի­լը իր քա­ղաքա­կան նկրտում­նե­րը զգա­լի էին։ Հա­յաս­տա­նի մէջ նե­ցուկ հան­դի­սացած է՝ «Ապ­րե­լու եր­կիր» քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թեան հիմ­նա­դրու­թեան, որուն գլխա­ւոր նա­խա­գահն է Մա­նէ Թան­դի­լեան, սա­կայն Ար­ցախ հաս­տա­տուե­լով ինքնավստահ կեր­պով ու­զեց իրա­կանաց­նել իր քա­ղա-քա­կան տես­լա­կանը։ Դար­ձաւ ընդ­դի­մա­դիր, քննա­դատեց 2020-ի պա­տե­րազ­մէն ետք Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնն­­ե­րու վա­րած «ռէալփոլիթիք»-ի քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Կո­չեր յղեց Ար­ցա­խէն՝ պայ­քա­րելու, զէն­քով ու արիւ­նով պաշտպա­նելու Ար­ցա­խի ինքնիշ­խանու­թիւնը։ 

Ռու­բէն Վար­դա­նեան այլ որա­կի ընդ­դի­մադիր էր, Սերժ Սար­գսեա­նի կամ Ռոբերտ Քո­չարեանի նման չէր թա­թախուած երկ­րի թա­լանի ու կա­շա­ռա­կերու­թեան մէջ։ Մար­դա­սիրա­կան, կրթա­կան, ըն­կե­րային, գի­տական, տնտե­սա­կան մե­կե­նա­սու­թիւննե­րով ու գոր­ծու­նէու­թեամբ, բա­րոյա­կան դրա­մա­գ­լուխ մը կու­տա­կած է, որակ­ներ որոնք չու­նին Հա­յաս­տա­նի նախ­կին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։ Թէեւ Ար­ցա­խեան իր քա­ղաքա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը ձա­խող էր, սա­կայն, իր բա­րոյական արժա­նիք­ներով Հա­յաս­տանի մէջ կրնայ արժա­նա­վա­յել ընդդ­­իմադիր ճակատ մը կազ­մել, եթէ յա­ջո­ղի փրկուիլ Պաքուի ճի­րանն­­երէն։

Ժ.Չ. ■