Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունուար 12-ին հարցազրոյց մը տուած է տեղական հեռատեսիլի կայաններուն եւ կատարած է շարք մը յայտարարութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ։
Ստորեւ անոր արտայայտած կարգ մը միտքերու ամփոփ պատկերը.-
«Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է ընդգրկէ ամբողջ Զանգեզուրի շրջանը»
«Ազէրպայճան կը նախատեսէ ելեկտրահաղորդման գծեր անցընել Զանգեզուրի միջանցքով դէպի Նախիջեւանի Ինքնավար հանրապետութիւն»,– յայտարարած է Ալիեւ։
“Այս միջանցքով կ՚անցնի թէ՛ երկաթուղին, թէ՛ կառուղին: Մենք նաեւ կը նախատեսենք ապագային ելեկտրահաղորդման գիծեր անցընել դէպի Նախիջեւան, քանի որ ելեկտրական ուժանիւթ արտածելու մեծ ներուժ ունինք”,– ըսած է ան, չբացառելով Ազէրպայճանէն Զանգեզուրի միջանցքով դէպի Նախիջեւան կազամուղներ կառուցելու կարելիութիւնը։
“Ճապրայիլի մէջ կը նախատեսուի կառուցել 240 մեկաՎաթ հզօրութեամբ արեգակնային ելեկտրակայան, Խուդաֆերին եւ Քիզ Քասալի ելեկտրակայաններէն կրնանք ստանալ 140 մեկաՎաթ ելեկտրականութիւն, Քելբաջարի եւ Լաչինի մէջ կայ շուրջ 10 հազար մեկաՎաթ. մենք կրնանք քամիի եւ ուժանիւթի հզօրութիւններ ստանալ, հետեւաբար, մենք նախատեսած ենք ելեկտրահաղորդման գիծեր, յետոյ, թերեւս, այնտեղէն կրնան անցնիլ կազամուղներ, մէկ գիծը կրնայ անցնիլ Կապանով, միւսը` Մեղրիով։ Մէկ այլ գիծ ալ կրնայ անցնիլ Ղարաքիլիսայով, զոր անոնք (Հայերը – «ՆՅ») կ՚անուանեն Սիսիան։ Ուրեմն՝ Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է ընդգրկէ ամբողջ Զանգեզուրի շրջանը”,– ըսած է Ալիեւ եւ աւելցուցած.-
“Հայկական կողմը, ինչպէս ծանօթ է, սկզբնական փուլին կ՚առարկէր նոյն այս արտայայտութեան [Զանգեզուրի միջանցք] եւ, ընդհանրապէս, միջանցքին։ Նոյնիսկ այսօր Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ կարծիքներ կը հնչեն Հայաստանի համար այս միջանցքի ոչ-շահաւէտ ըլլալուն մասին”։
Խաղաղապահներու գործունէութեան մէջ «կան շատ ջղայնացնող պահեր»
“Այնպէս կ՚երեւի որ խաղաղապահներու գործունէութիւնը պէտք է դիտարկել աւելի լայն պրիսմակով, եւ, ի հարկէ, կան շատ ջղայնացնող պահեր։ Բայց միեւնոյն ժամանակ անարդար կ՚ըլլար չյիշատակել, որ անոնք կ՚ուղեկցին թէ՛ մեր զինուորներուն, թէ՛ բեռներու առաքման ու տեղափոխման՝ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջաններ, եւ սկզբունքով կրնամ ըսել՝ ընդհանուր առմամբ դրական կը գնահատեմ խաղաղապահներու գործունէութիւնը”,– նշած է ան։
Ալիեւ խօսած է ազէրպայճանա-ռուսական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին մասին, բայց նաեւ յայտնած, թէ Պաքու բազմիցս պահանջներ ներկայացուցած է ռուսական կողմին՝ խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող «ազէրպայճանական տարածքներ ապօրինի այցերու մասին»։
“Մենք մէկէ աւելի անգամներ պաշտօնապէս դժգոհութիւն յայտնած ենք ապօրինի այցերու կապակցութեամբ։ Մեր պաշտպանութեան նախարարը նամակներ յղած է իր ռուս գործընկերոջ, ինչպէս նաեւ դժգոհութիւն յայտնած խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարին։ Նման քայլեր ձեռնարկուեցան նաեւ Վալերի Փեքրէսի (Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու – «ՆՅ») անօրինական այցի ընթացքին։ Մեզի ըսին, թէ իրենք (խաղաղապահները – «ՆՅ») ուշադիր չեն եղած, տեղեակ չեն եղած, թէ Փեքրէս սովորական կառքով եկած է եւ այլն, բայց դժուար է ատոր հաւատալ: Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր։ Փեքրէսին ուղեկցած են սահմանափակ թիւով մարդիկ։ Անոնք թաքուն հասած են այնտեղ, իսկ անոնց այցելութեան լուրը բացայայտուած է միայն պատուիրակութեան վերադարձէն ետք։ Հաւանաբար կը վախնային, որ մենք զիրենք կը ձերբակալենք Լաչինի միջանցքին մէջ”,– ըսած է Ալիեւ։
Ան նշած է, որ եթէ Պաքու իմանար այդ «անօրինական այց»-ին մասին, ապա Փեքրէս ու անոր ուղեկիցները չէին կրնար դուրս գալ Ազէրպայճանի տարածքէն։ “Եթէ իմանայինք, որ այնտեղ են, հաստատ թոյլ չէինք տար, որ վերադառնան, քանի որ Լաչինի միջանցքը մեր հսկողութեան տակ է։ Նման դէպքեր բացարձակապէս անընդունելի են եւ պէտք է դադրեցուին։ Ընդհանուր առմամբ, կրնամ ըսել, որ մենք յստակ գիտենք, թէ ինչ կը կատարուի (Արցախ – «ՆՅ») մուտքի եւ ելքի մօտ։ Մենք գիտենք կառքերու եւ մարդոց թիւը, գիտենք, թէ քանի մուտք կամ ելք կատարուած է։ Մեր տուեալներով՝ պատերազմի ժամանակ այս տարածքները լքածներէն 38 հազարը ետ վերադարձած է, իսկ 11 հազարը ընդմիշտ հեռացած է այդ վայրերէն։ Նշեալ տուեալներով՝ ներկայիս ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ կը բնակի 27 հազար հոգի։ Յամենայն դէպս, մենք դրական կը գնահատենք խաղաղապահներու աշխատանքը”,– ըսած է ան։
«Մինսքի խումբը պէտք չէ զբաղի Ղարաբաղեան հակամարտութեամբ, քանի որ այդ հարցը լուծուած է»
“Անոնք (ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը – «ՆՅ») պէտք չէ զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեամբ, քանի որ հարցը լուծուած է: Անոնց փոխարէն մենք լուծեցինք այս խնդիրը: Ազէրպայճան պիտի ճնշէ Ղարաբաղեան խնդրով զբաղելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին փորձերը։
Մինսքի խումբը պէտք է ընդունի այս իրողութիւնը եւ իմանայ, որ իրենք այլեւս պիտի չզբաղին Ղարաբաղի հարցով։ Որովհետեւ մենք թոյլ չենք տար, մենք այս հակամարտութեան կողմ եղած ենք, եւ եթէ կողմերէն մէկը ըսէ, թէ հակամարտութիւնը լուծուած է, ուրեմն միջնորդութեան տեղ չկայ, եւ մեր դիրքորոշումը հաղորդած ենք այդ խումբին”,– ըսած է Ալիեւ։
«Եթէ Հայաստան չճանչնայ Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութիւնը, մենք ալ չենք ճանչնար անոր հողային ամբողջականութիւնը»
“Յանուն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման՝ Հայաստան պէտք է ճանչնայ Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութիւնը։ Մենք երրորդ պատերազմ չենք ուզեր, ատիկա մեր ծրագրերուն մէջ չէ, մենք կ՚ուզենք, որ պատերազմի շրջանը աւարտի, մենք կը փափաքինք, որ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատուին, որպէսզի Հայաստան վերջապէս ճանչնայ Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութիւնը։ Բայց եթէ տեսնենք, որ մեզի համար վտանգ կայ, այդ սպառնալիքը տեղւոյն վրայ կը վերացնենք”,– ըսած է Ալիեւ եւ ընդգծած, թէ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական միտումներ կը դրսեւորուին ոչ միայն նախկին, այլեւ ներկայ պաշտօնեաներու կողմէ։
“Որովհետեւ ինչպէս տեսանք ռազմական գրգռութիւններ դրսեւորուեցան յետպատերազմեան շրջանին, եւ նման փորձեր եղան մի քանի անգամ՝ Նոյեմբերին, աւելի կանուխ եւ երէկ (Յունուար 11-ին – «ՆՅ»), եւ թերեւս ալ նման փորձեր կատարուին ապագային։ Հետեւաբար, կը կրկնեմ, երբեք կարելի չէ խաբուիլ ներկայ իշխանութեան բարի խօսքերով, երբեք պէտք չէ մոռնալ, թէ ո՛ր դրացիի հետ կ՚ապրինք, եւ այս բոլորին հետ կապուած են նաեւ սահմանին կատարուած գրգռութիւնները. կ՚ուզեն մեզ նորէն փորձարկել”,– շեշտած է Ալիեւ։
Ան աւելցուցած է, որ եթէ կողմերու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, ապա ան պէտք է պարունակէ հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վերաբերեալ կէտեր։ “Հայաստան հիմա պէտք է ընտրութիւն կատարէ, ճի՛շդ ընտրութիւն: Ես ըսի, թէ մեր առաջարկը միշտ չէ, որ սեղանին պիտի ըլլայ: Եթէ Հայաստան չի փափաքիր ճանչնալ Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութիւնը, ապա մենք ալ չենք ճանչնար անոնց հողային ամբողջականութիւնը”,– նշած է ան եւ ընդգծած.–
“Ազէրպայճան աւելի շատ պատճառներ ունի՝ չճանչնալու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ 1920 Նոյեմբերին մեր տարածքը՝ Զանգեզուրը միացուեցաւ Հայաստանին, աւելի կանուխ՝ 1918 Մայիս 29-ին Երեւան քաղաքը փոխանցուեցաւ Հայաստանին։ Հետեւաբար մենք բազմաթիւ պատճառներ ունինք չճանչնալու այդ տարածքը։ Բայց հակառակ անոր, յանուն ապագայ խաղաղութեան, յանուն երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման, մենք պատրաստ ենք ատոր։ Սակայն, եթէ անոնք չեն ուզեր ատիկա, յետոյ կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը պատահի”,– ըսած է Ազէրպայճանի նախագահը։
“Մենք Հայաստանին առաջարկեցինք փոխադարձաբար ճանչնալ հողային ամբողջականութիւնը, սկսիլ սահմանազատման աշխատանքները, սկսիլ հաղորդակցութիւններու բացման գործընթացը եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիր։ Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը 100 տոկոսով երաշխիք չէ, բայց ամէն պարագայի, ատիկա էական պիտի ըլլայ՝ նուազագոյնի հասցնելու համար պատերազմի վտանգը։ Սակայն մենք նաեւ պէտք է իմանանք, որ ամէն մէկ խաղաղ համաձայնագիր՝ Հայաստանի համար կրնայ ընդամէնը թուղթի կտոր մը ըլլալ”,–եզրափակած է Ալիեւ։ ■