Մարտ 14-18 Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ կազմակերպուած «Մանուշեանական շաբաթ» ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Մարտ 15-ին եւ 16-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին (ՀՑԹ) մէջ տեղի ունեցած է «Երիտթուրքական ազգայնականութենէն՝ նացիականութիւն. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողները՝ դիմադրութեան շարժումին առաջնագիծին» խորագրով միջազգային գիտաժողովը:
ՀՑԹ-ի տնօրէնուհի Էտիթա Գզոյեան բացման իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Թանգարանը մեծ սիրով միացած է «Մանուշեանական շաբաթ»-ին եւ ուրախ է, որ գիտաժողովին մասնակիցները կ՚ընդունի իր երդիքին տակ: Ան աւելցուցած է, թէ գիտաժողովի խորագիրը ինքնին շատ խօսուն է. անոնք, որոնք տեսած եւ անցած էին մարդկութեան դէմ իրագործուած 20-րդ դարու առաջին ոճրագործութեան բովէն, որ ծնունդն էր երիտթրքական ազգայնականութեան, իրենց գործուն մասնակցութիւնը ունեցան 20-րդ դարու միւս չարիքին՝ նացիականութեան դէմ պայքարին մէջ:
Ներկաները ողջունած է նաեւ գիտաժողովի համակազմակերպիչ, «Saté-Âtre» թատերական միութեան հիմնադիր Սաթէ Խաչատրեան:
Գիտաժողովի երկու օրերու ընթացքին ելոյթ ունեցած են 12 հետազօտող Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ ԱՄՆ-էն:
Գիտաժողովի մասնակիցները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղած անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը։ Անոնք երկրորդ օրը շրջած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացած մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն:
«Մանուշեանական շաբաթ» ձեռնարկին նպատակն է վերաիմաստաւորել Մանուշեանի ժառանգութիւնը, ընդգծել անոր դերը համաշխարհային դիմադրական շարժումին մէջ եւ խթանել ֆրանսական ու հայկական պատմամշակութային երկխօսութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։