Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայէն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը կտրուկ հակադարձած է Ազէրպայճանի դեսպանին

Ֆրանսայէն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանուհի Նաթալի Լուազօ կտրուկ հակադարձած է Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւի թուիթին, ուր վերջինս հրապարակած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը թէ՝ Պաքու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին «թոյլ պիտի չտայ» զբաղիլ Արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցով:

«Պարո՛ն դեսպան, դիւանագիտութիւնն առաջին հերթին կը կայանայ ա՛յն երկրի նկատմամբ յարգանքի մէջ, ուր պատիւ ունիք ծառայելու: Ֆրանսան Մինսքի խուբի համանախագահն է, եւ դուք կը ձեւացնէք, թէ կը հրաժարիք անկէ։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, հրադադարը չի պահպանուիր։ Երէկ (Յունուար 11-ին – «ՆՅ») երեք Հայ մահացած է»,– գրած է Լուազօ։