Մարտ 17-ին, Հալէպի աւագ հիւպատոս Արա Աւետիսեան այցելած է նահանգապետարան եւ հանդիպում ունեցած Հալէպի նահանգապետ Ազզամ ալ-Ղարիպի հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք հիւպատոսութեան Դիմագիրքի էջէն։
Հիւպատոսը շնորհաւորած է ալ-Ղարիպը Հալէպի նահանգապետի կարեւոր պաշտօնին նշանակուելուն, ինչպէս նաեւ Ռամատան ամսուան առիթներով:
Իր կարգին, նահանգապետը շնորհակալութիւն յայտնած եւ հետաքրքրուած է Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերու թիւով՝ աւելցնելով, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը միշտ ջերմութեամբ եւ եղբայրաբար ընդունած է հայերը եւ այդ վերաբերումը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային: Ան յոյս յայտնած է, որ ճգնաժամային իրադարձութիւններու պատճառով Սուրիայէն մեկնած հայերը պիտի վերադառնան իրենց տուները:
Հիւպատոս Աւետիսեան պատասխանելով նահանգապետի հարցումներուն՝ անդրադարձած է հայ-արաբական աւանդական կապերուն եւ վստահութիւն յայտնած, որ այդ օրինակելի յարաբերութիւնները ունին ամրապնդուելու բոլոր կարելիութիւնները՝ առաւել զարգացնելու Հայաստան-Սուրիա միջպետական կապերը, որոնք աւանդաբար բարեկամական եւ ջերմ եղած են։ Ան ներկայացուցած է մինչեւ 2011 երկու երկիրներու միջեւ աշխուժ գործակցութիւնը՝ կրթութեան, մշակոյթի, գիւղատնտեսութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ, որուն հետագայ զարգացումը խանգարած է Սուրիոյ մէջ ծաւալած քաղաքացիական պատերազմը:
Աւագ հիւպատոսը անդրադարձած է նաեւ Հալէպ նահանգին մէջ 5 տարի գործած Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան ծաւալած հսկայական եւ կարեւոր գործունէութեան: Ան նշած է, թէ Հայաստանի մէջ բարին երբեք չի մոռցուիր եւ 2023 Փետրուար 23-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաւոր աղէտին՝ երկրաշարժի օրերուն, Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերեց՝ Սուրիա ղրկելով մասնագիտացած փրկարար ջոկատ եւ մարդասիրական օգնութիւն:
Հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ երկուստեք գոհունակութիւն յայտնած են, շեշտելով թէ հանդիպումները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։