Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան 10 օրուան համար կը բանայ Թուրքիոյ հետ սահմանի «Մարգարա» անցակէտը՝ Սուրիա բեռներ փոխադրելու համար

Մարտ 20-ին, կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է Մարտ 21-31 բանալ Թուրքիոյ հետ սահմանի «Մարգարա» անցակէտը՝ Թուրքիոյ տարածքէն, ցամաքի ճամբով մարդասիրական բեռներ փոխադրելու համար Սուրիա։

Նշենք, թէ Հայաստանի եւ Սուրիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու աշխատանքային հանդիպումներու ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր քննարկելու Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը: