Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև յարաբերութիւններու բնականոնացումը առանցքային նշանակութիւն ունի ԵՄ-ի համար

Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Խոսէփ Պորէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ յայտարարած է, թէ՝ ԵՄ-ը կ՚ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ աշխատելու երկու երկիրներու միջև յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ, և այդ նպատակով յատուկ բանագնացներու նշանակումը։

«Այս Ոուրբաթ (Յունուար 14-ին – «ՆՅ») յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպումը կարևոր քայլ մըն էր, և Եւրոպական Միութիւնը կը խրախուսէ կողմերը՝ հետագային եւս ջանքեր գործադրելու այս հարթակին վրայ, որ նոր քայլ մը պիտի ըլլայ տարածաշրջանային կայունութեան և հաշտեցման ու տնտեսական զարգացման հեռանկարներու համար։

Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև յարաբերութիւններու բնականոնացումը առանցքային նշանակութիւն ունի ԵՄ-ի համար՝ երկու երկիրներու հետ յարաբերութիւններու առումով։  2014 թուականէն ի վեր ԵՄ-ը աւելի քան 4,5 միլիոն եւրօ տրամադրած է ա՛յն նախագծերուն, որոնց նպատակն է հող նախապատրաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով շարք մը ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ տնտեսութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը և հաղորդակցութեան փոխանակումը:

ԵՄ-ը պատրաստ է հետագային եւս աջակցութիւն ցուցաբերելու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած լրացուցիչ քայլերուն»,– նշուած է եւրոպացի դիւանագէտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։