Մոսկուայի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան գլխաւոր վարչութենէն հաստատած են, որ քաղաքին կեդրոնական թաղամասերու շէնքերէն մէկուն վերելակի արկածին զոհ գացած են ՀՀ երկու քաղաքացիներ: Սկզբնական տուեալներով՝ վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին վերելակը ինկած է խորշը: