Մարտ 26-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն այցելած է Թուրքիոյ հիւպատոս Մուամմեր Հաքան Ճենկիզ՝ ընկերակցութեամբ փոխհիւպատոս Էրինի:
Ողջունելով հիւրերը, աւագ հիւպատոս Արա Աւետիսեան շնորհաւորած է՝ երկար դադարէ ետք Թուրքիոյ հիւպատոսութեան վերաբացումը եւ Ռամազանը։ Ան նաեւ շեշտած է, թէ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը Հալէպի մէջ գործած է անընդմէջ աւելի քան 30 տարի, նոյնիսկ պատերազմի եւ պաշարման ժամանակաշրջանին:
Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝ Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օգնութեան փոխադրութեան աջակցելուն համար։ Ան յաջողութիւն մաղթած է Թուրքիոյ հիւպատոսին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար Մ. Ճենկիզ իր կարգին նշած է, թէ դիւանագիտական բարոյագիտութիւնը յարգելով՝ այցելած է Հալէպի միակ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը՝ իր հայ գործընկերոջ հետ ծանօթանալու նպատակով:
Ան Հայաստանի հիւպատոսը հրաւիրած է Թուրքիոյ հիւպատոսութեան բացման արարողութեան։ Հրաւէրը ընդունուած է։
Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու գործակցութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։