Ինչպէս հաղորդած էինք (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Մարտ 22-ի թիւը), Մարտ 25-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Փարիզի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգը:
Երեկոյթին՝ բացման խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Ֆրանսայի մնայուն փոխներկայացուցիչ Իզապէլ Տեվինյը եւ Կազմակերպութեան փոխտնօրէն Ցինկ Քու:
Արամ Յակոբեան մեծապէս արժեւորեց Ազնաւուրի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը եւ ընդգծեց անոր մարդասիրական գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համար անկիւնաքարային նշանակութիւն ունեցող արժէքներու տարածման ուղղութեամբ անոր մեծ ներդրումին մասին:
«Une vie d’Amour» խորագիրը կրող համերգին, Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ, հանդիսատեսին ներկայացուց Ազնաւուրի հարուստ երգարուեստը: Կատարումներով հանդէս եկան մեներգիչներ Ինկա Արշակեան, Գոռ Սուչեան, Գուրգէն Բաւէեան, ինչպէս նաեւ՝ հրաւիրեալ երգիչ Ժիւլ Կրիզոն եւ դաշնակահար Նոպույուքի Նաքաժիմա:
Համերգին ներկայ էին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ,Ֆրանսայի հասարակական, քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի բազմահարիւր ադամներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։