Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լուրեր Ալֆորվիլէն… ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Անցեալ տարուան վերջին ամիսներուն, հակառակ տնտեսական տիրող տագնապին, որոշ կարեւոր նուիրատւութիւններ եղան Ալֆորվիլի Մանկապարտէզի շինութեան։

Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը 190.000 եւրոյի նուիրատւութեամբ մասնակցեցաւ ծրագրին, ինչ որ ապացոյց մըն է որ ան հաւատարմօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նոր դպրոցներ կառուցելու։

Ֆրանսերէն եւ հայերէն երկլեզու ուսուցման հիմնադրամը, դարձեալ օժանդակեց 33.500 եւրոյի գումար մը յատկացնելով։

Ալֆորվիլէն՝ ԷՍ.Ա.Ա. կազմակերպութիւնը Պարոն Խորէնի եւ Պարոն Չէրչեանի միջոցաւ, նպաստեց 10.000 եւրոյի նուիրատւութեամբ։

Միեւնոյն ժամանակահատուածին մէջ, շնորհիւ 106 նուիրատուներու սրտաբուխ նուէրներուն գոյացաւ 91.290 եւրօ։

Այսօր, աշխատանքները աւարտելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ 445.000 եւրոյի։

Քանի մը ամիսներու ընթացքին եթէ յաջողուի այս գումարը հանգանակել, գործադաշտի դադրեցման վախը միանգամ ընդ միշտ հեռացած կ՚ըլլայ։

Ներկայիս եթէ 223 նուիրատու կարենար 2000 եւրօ, կամ 880 նուիրատու 500 եւրօ նուիրել, ակնկալուած գումարը կը գոյանար։ Անշուշտ ասիկա բանաձեւի մը օրինակն է, վասնզի նուէրի գումարին չափը, նուիրատուն կ՚որոշէ իր ազատ կամքով։

Վերջին ջանք մը ՄԻԱՍԻՆ, նպատակին հասնելու համար։

ՆՈՐՎԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ  

 

Նուէրները ղրկել գանձապահի հասցէին.-

À l’ordre de l’APCAF; chez Dr Serge Simonian

11, avenue de Verdun, 94410 Saint-Maurice

կամ՝

Դրամատնային ապահով փոխանցմամբ, հետեւեալ հասցէով՝

Նուիրատուներուն կը յանձնուի CERFA ստացագիր, որ թոյլ կու տայ կատարուած նուէրին 66%-ի չափով՝ տուրքերէ զեղչ, տուրքի ենթակայ եկամուտի 20%-ի սահմաններուն մէջ։ ■