Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրանի ԱԳՆ-ն կ՚ողջունէ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը

Իրանական ISNA գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սաիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է, թէ Թեհրան կ՚ողջունէ դրացի երկիրներու` Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև յարաբերութիւններու կարգաւորումը և կ՚աջակցի այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:

“Մեր տարածաշրջանը յոգնած է յարաբերութիւններու խզումէն ու բացասական մօտեցումներէն: Պէտք է օգնենք դրական մօտեցումներ ու տեսակէտներ ձևաւորելու համար”,– ընդգծած է ան։