Ազէրպայճանի կառավարութիւնը մտադիր է Աղդամի և Ֆիզուլիի շրջանին մէջ զարգացնել մրգագործութիւնը։«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ այդ վայրերուն մէջ կլիման շատ յարմար է մրգագործութեան համար եւ կ՚աւելցնէ մեր արտադրութեան ներուժը»,- «Ինթերֆաքս»-ի ազէրպայճանական ծառայութեան յայտնած է Ազէրպայճանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ֆիրդովսի Ֆիքրեզատէ, աւելցնելով թէ՝ այդ վայրերուն մէջ կը ստեղծուին յատկապէս նուռի, ընկոյզի, ինչպէս նաև կորիզաւոր միրգերու այգիներ։ “Հոն նաեւ բամպակագործութեան մեծ ներուժ կայ”,– նշած է ան։
Լուրին հետ տրուած է ազէրպայճանական քարոզչական առկից նկարը, որ Հայերէ մնացած Աղդամը կը ներկայացնէ լքեալ, ողբալի այս վիճակին մէջ, եւ զոր իրենք կը նախատեսեն մրգաստաններու դրախտի վերածել։