ՓՐՈՎԱՆՍ-ԱԼՓ-ԳՈԹ Տ՚ԱԶԻՒՐ – Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի համախմբում

Ապրիլ 4-ին, մեծ յուզումով եւ յիշողութեան պարտականութեան խոր զգացումով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի հաւաքը, Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւրի շրջանային խորհուրդի պալատին մէջ։

Այս իրադարձութիւնը պարզապէս յարգանքի տուրք մը չէր. ան փոխանցումի քայլ մըն էր, հաւաքական յիշեցում մը մեր պատասխանատւութեան՝ պատմութիւնն ու անոր ճշմարտութիւնը պահպանելու եւ 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը պատուելու։

Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեանի յուզիչ ելոյթը հաստատօրէն յիշեցուց, որ յիշելը պարզապէս յիշատակի արարողութիւն մը չէ, ան բարոյական պարտականութիւն մըն է, ժխտողականութեան դէմ պատնէշ մը եւ պարտաւորութիւն մը՝ որպէսզի նման վայրագութիւններ երբեք չկրկնուին։

“Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Հարաւային Շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէին՝ Հայ դատին հանդէպ իր մնայուն նեցուկին եւ հայ համայնքին անոր անխախտ աջակցութեան համար։

Այս խոկումի օրը, հաւաքաբար կը վերահաստատենք մեր փարումը պատմական ճշմարտութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համընդհանուր սկզբունքներուն”,– ընդգծեց Հայաստանի աւագ հիւպատոսը։