Շաբաթ, Մարտ 15-ին, Երեւանի «Յառաջ» արեւմտահայերէնի աշխատանոց-կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Գրական Դէմքեր Բ.» ձեռնարկը, որ նուրիուած էր սփիւռքահայ գրող ու վիպասան Կարօ Փօլատեանին, որուն մասին,– տեսակապով,– համապարփակ կերպով խօսեցաւ գրող, բանաստեղծ եւ մանկավարժ տիկին Նորա Պարութճեան, յատկապէս շեշտը դնելով Փօլատեանի «Արեւելքի տղաքը» եւ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» վէպերուն ու անոնց վերլուծումին վրայ։
Գրական խմբակին անունով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Նորա Պարութճեանին՝ իր օգտաշատ ու հետաքրքական ներկայացման համար, երախտապարտ ենք, որ քաջալերեց մեզ եւ ընդառաջեց այս ձեռնարկին մասնակից դառնալու մեր առաջարկին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր խօսքին ամբողջութիւնը։
Վահան Կ. Մանճիկեան
20-րդ դարու ֆրանսահայ գրողներու յետեղեռնեան առաջին սերունդին պատկանող Կարապետ Փօլատեան շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հարկաւ մեր գրականութեան մէջ եւ հետեւաբար՝ նաեւ մեր կեանքին։ Արդարեւ, Եղեռնի արհաւիրքը ապրած, անկէ մազապուրծ Ֆրանսա հասած ու հոն հաստատուած այդ սերունդը սկսաւ մեծ պայքար մը տանիլ կեանքի, ապրելու համար, ինքնութեան փնտռտուք սկսաւ, կասկածներ յարուցանեց եւ ինքզինք հարցադրեց, եւ այս բոլորին խօսափողը դարձաւ իր ժամանակի հայ մտաւորականութիւնը, ի մասնաւորի հայ գրողները, որոնց կարգին՝ Կարապետ Փօլատեան։
Հետեւաբար կրնանք ըսել, որ Փօլատեանի ժամանակակիցները եւ ինք՝ Փօլատեան կը պատկանին վերապրողներու կոտորակուած ներկայի փշուրները հաւաքող եւ զայն գրականացնող սերունդին։ Ոգեկան տաղանդ մը, նախքան գրական տաղանդը շեշտելը։ Ես նկատի պիտի ունենամ Փօլատեանի մասնաւորապէս երկու վէպերը՝ «Արեւելքի տղաքը», լոյս տեսած Փարիզ, 1946-ին եւ «Կը հրաժարիմ հայութենէ», դարձեալ Փարիզ լոյս տեսած, 1949-ին։ Այս գործերուն մէջ Կարապետ Փօլատեան գաղափարախօս մըն է, հարցեր կը դնէ եւ վէպերու ընթացքին ու աւարտին այդ հարցերուն պատասխանը կ’առաջարկէ։
Այս վէպերը հեզասահ կերպով կը կարդացուին, ֆիլմերու պէս: Պըլտեան պարոք օփերաներու կը նմանցնէ «Արեւելքի Տղաքը»-ի «արկածային պարագաները»։ Կայ թնճուկ մը, կայ մերժումը, մերժումի անկարելիութիւնը եւ անկարելիութեան տագնապն ու տառապանքը։ Եւ ի վերջոյ, այդ թնճուկին իբրեւ լուծում, մերժողին «ստիպողական» վերադարձը իր ինքնութեան ծոցը։
Գաղափարախօսութեան մեծ տեղ կը յատկացուի, գլխաւորաբար երկխօսութիւններու ձեւին տակ, ուր յաճախ մեզի՝ այսօրուաններուս, շատ հարազատ իրավիճակներ կը յայտնաբերուին, նաեւ գաղափարներ։ Օրինակ մը տալու համար, «Կը հրաժարիմ հայութենէ» վէպին մէջ երիտասարդները կը հաւաքուին, ժողով կը գումարեն «բան մը ընելու», լուծում մը գտնելու իրենց անկեալ վիճակէն դուրս գալու համար։ Միտքերու փոխանակում տեղի կ’ունենայ, կը վիճաբանին սովորական ձեւով եւ վերջ ի վերջոյ, այդ հաւաքոյթը, այդ ժողովը կը վերածուի կռիւի։ Կ’ըսուի հետեւեալը. «Մենք նոյն լեզուն չենք խօսիր, օտարացած ենք, մէկը միւսը չի հասկնար, նոյն աստուածներու չենք երկրպագեր այլեւս։ … Չերչիներ, ամօթ, ամօթ, զզուելի ժողովուրդ, պոռնիկ ժողովուրդ դարձած ենք»։
Կ’ուզեմ սեւեռումս կեդրոնացնել կարգ մը կէտերու վրայ, որոնք վէպերուն հիմնահարցը կը կազմեն ըստ իս։
Ա. Առաջինը, կէտերուն գլխաւորը, արեւելքցի հայուն արեւմուտք յայտնուելու տուայտանքն է։ Մշակոյթներու բախումը կը կազմալուծէ միտքերը, արեւելքը կը յայտնուի իբրեւ երազային, կերպարանափոխուած, առասպելական դարձած ու գեղեցկացած նկարագիր։
«Արեւելքի տղաքը» վէպին մէջ կ’ըսուի՝ «արեւելք, արեւելք, բիրտ ու խիստ թերեւս, բայց մաքուր։ Ես անոր զաւակն եմ»։ Իտէալականացած արեւելք մը կը նկարագրուի այս վէպերուն մէջ, հարկաւ, որովհետեւ հայրենիքը արեւելքն է, եւ արեւելքը արեւի ծնունդն է իրենց համար, մինչդեռ «արեւմուտքը կ’այրէր իր ահաւոր մեղքերուն կրակով, կը տեսնուին ծուխերը արեւմուտքին եւ փոշին մանաւանդ։ … Արեւելքի մէջ մենք գիտէինք ինչո՞ւ կը մեռնէինք, բայց արեւմուտքի մէջ, որո՞ւ համար, ինչո՞ւ՝ չենք գիտեր»։
Ուրեմն՝ այս բախումը արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ, իրենց հոգեվիճակին բախումն է եւ անշուշտ երկու տարբեր մշակոյթներու բախումին հետեւանքն է սա։
Բ. Երկրորդ կէտ. ո՞վ է հայը եւ ո՞ւր է հայը այս նոր երկրին մէջ, այս նոր աշխարհին մէջ։ Վտարուած է հայը, դուրս դրուած է իր հայրենիքէն, եւ տուեալ թուականներուն, այս նոր երկրին մէջ վտարանդի վիճակի մէջ է։ Յառաջացած երկիր մը, զարգացած երկիր մը, ուր ինք յայտնուած է, այստեղ ինչպէ՞ս պիտի վարուի ինք իր անցեալին հետ։ Ինչպէ՞ս պիտի վարուի իր վէրքին հետ, որ խարանուած է ճակատին եւ տակաւին չէ սպիացած։ Ի՞նչ ընէ այդ վէրքը. տեսնէ՞, թէ՞ անտեսէ։ Այդ վէրքին մէջ ընկղմա՞ծ մնայ, թէ՞ դուրս փախչի ատկէ, փրթի, փորձէ դուրս գալ այդ բոլորէն։ Ան վրէժխնդի՞ր ըլլալ որոշէ, թէ՞ թաղէ անցեալը, ձգէ անլուծելի։
Այս վէպերուն մէջ կարծես ընտրութիւն մը կը պարտադրուի եւ հերոսները կը տատամսին իրենց ընտրութեան մէջ։ Այս տատամսումին արտայայտութիւնն են Փօլատեանի վէպերը։ Արդեօք յիշողութեան գերի՞ն ըլլայ եւ վրէժխնդրութեա՞մբ ապրի, թէ՞ մոռնայ եւ ապրի ուրիշներուն պէս, սովորական։ Այս հարցումները կան, բայց եւ այնպէս «Կը հրաժարիմ հայութենէ»-ին Բաբգէնը՝ գլխաւոր հերոսը, սնտուկ մը կը պտտցնէ իր հետ, ամէն տեղ, ուր որ երթայ, ի՜նչ ալ ընէ, ի՜նչ անուն ալ կրէ, քանի ինքնիրեն տուած է ուրիշ անուն, որդեգրած է ուրիշ ինքնութիւն։ Որքան ալ հրաժարած ըլլայ իրենիններէն, իր սնտուկը միշտ իր հետ է եւ այդ սնտուկը իր անցեալն է։
Գ. Երրորդ կէտը կանացի կերպարներուն կը վերաբերի։ Վիպային դիմանկարի գիծերուն ամէնէն կարեւոր եւ ընգծուած բաժիններէն մէկն է այս կէտը։ Փօլատեան զայն տուած է պարկեշտութեամբ եւ պէտք է ըսել՝ անկեղծութեամբ, դառնալով արտայայտիչը կանանց հանդէպ իրեն ժամանակակից հայ տղամարդու կեցուածքին, ձեւով մը իր վէպերուն մէջ նկարիչը դարձած է այդ կեցուածքին։ Կիները իր մօտ կա՛մ մայր են, քոյր, եւ կա՛մ՝ պոռնիկ։ Երկուքին միջեւ չկայ։ Մայրը՝ ինքնութեան կապող թելն է, իսկ պոռնիկը կը յայտնուի հրաժարումի պարագային միայն։ Անցեալը մոռնալ ընտրած մարդոց կամ այդ վիճակին մաս կը կազմէ սեռային ազատութիւնը։ «Արեւելքի տղաքը» վէպին հիմնական ու գլխաւոր կերպարը՝ Երուանդը, չի կրնար ձերբազատիլ սեռային բարդոյթէն, մինչ Սուրէնը, որուն համար «լալու դարը արդէն անցաւ», իր վրայէն կ’ուզէ թօթափել անցեալի ծանրութիւնը եւ սեռային կեանքին մէջ ազատութիւն կը վայելէ։ Բայց անշուշտ օտար պոռնիկներու հետ. քանի որ Փօլատեանի քով հայ աղջիկը, այդ սուրբ եւ մաքուր հայուհին սեռային էակ չէ։ Կ’աղաչեմ։
Սեռային խնդիր կայ. սեռը աղտոտ է, անկողինը աղտոտ է, անասնական է սեռը։ Այսպէս է, որ պոռնիկ Մարին («Արեւելքի տղաքը») անձնասպան կ’ըլլայ, երբ կը յայտնաբերէ, որ իսկութեան մէջ ինք հայուհի մըն է՝ Աստղիկ անունով։ Անձնասպան կ’ըլլայ, ապրեցնելու համար Աստղիկը, որպէսզի ապրի մաքուր հայուհին, պէտք է մեռնի օտարուհի պոռնիկը։
Բայց այս բոլորին քով կայ նաեւ Սիրարփիի կերպարը։ Ան հայ մօր եւ քրոջ խառնուրդ կերպարն է. մայր, քոյր, նուիրում՝ Սիրարփի։ Սիրարփի սիրահարած է Բաբգէնին, բաց է մարմնային սիրոյ ապրումին առջեւ։ Սեռի հետ հաշտ հայ կնոջ կերպարն է Սիրարփին։ Ինքն է, որ կը հրապուրէ Բաբգէնը, ինքն է, որ քայլեր կ’առնէ դէպի Բաբգէնը։ Ան գիտակից հայ երիտասարդուհին է, իր ժամանակի համարձակ եւ իր անձին տէրը եղող հայ կինն է, որ գիտէ Բաբգէնին նիւթական դժուարութիւններէն գերադասել սէրը։ Այս բոլորով, ան Բաբգէնին հանդէպ ունի քրոջ մը, իսկ Բաբգէնի հիւանդ մօրը հանդէպ՝ դստեր մը հոգատարութիւնը։ Եւ այս կինը՝ Սիրարփին, զոր Բաբգէն կը համեմատէ մօրը հետ ըսելով՝ «Նոյն խմորէն են անոնք, նոյն արիւնէն՝ համակ զգացում, համակ նուիրում, անխարդախ, ազնիւ էակ մը», այս ազնիւ էակը՝ Սիրարփին կոպտօրէն կը մերժուի Բաբգէնին կողմէ, երբ հիւանդ մայրը կը մահանայ։ Այսինքն ան, որ Բաբգէնը կը կապէ իր ինքնութեան, իր հայութեան, իր անցեալին եւ իր վէրքերուն հետ։ Իր հայութեան հետ վերջին կապին՝ մօրը մահովը, Բաբգէն կամովին, նոյնիսկ ինքն իր դէմ պայքարելով կը հեռանայ Սիրարփիէն՝ իր մօրը կրկնօրինակէն։ Եւ այստեղ, հայութենէ հրաժարումի պահը կը սկսի, ու զոհերէն մէկը կը դառնայ այս ուժեղ հայուհին, որն է Սիրարփին։ Ան իր կանացի եւ սեռային համարձակութեամբ, ինծի կը յիշեցնէ Սասնայ Ծռերու կանացի կերպարները։
Բաբգէն հրաժարելով հանդերձ իր անցեալէն, անցեալի յիշողութիւնները կրող սնտուկը միշտ իրեն հետ կը պահէ։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ անցեալէն հրաժարող մարդը իր հետ պտտցնէ իր անցեալը։ Ուրեմն այստեղ քիչ մը հակասութիւն կը կարծենք տեսնել։ Իրականութեան մէջ, այս մարդունը փախուստ է ողբերգութենէն, եւ խեղճի ու զոհի իրավիճակէն։ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» վէպին մէջ կ’ըսէ. «Սկսած էր ամրանալ մէջս այն համոզումը, թէ իմ բոլոր դժբախտութիւններուս պատճառը իմ հայութիւնս էր»։
Բայց ճակատագիրը թող չի տար, որ իր կապը բոլորովին խզէ անցեալին հետ, որովհետեւ Բաբգէն չի գիտեր, բայց իր եւ Սիրարփիի սէրը ծնունդ տուած է նո՜ր Բաբգէնի մը. երիտասարդ, գիտակից, հաստատամիտ, գաղափարական, համոզուած, գործունեայ երիտասարդ Բաբգէնի մը, որ իր զաւակն է։ Ան կ’որոշէ Հայաստան ներգաղթել եւ հաստատուիլ այնտեղ։ Այսպէսով կը տեսնենք, որ երիտասարդ Բաբգէն, ի տարբերութիւն իր հօրը, հայրենիքին հետ կապերը կ’ամրապնդէ եւ զանոնք կը զօրացնէ։
Դ. Չորրորդ կէտ. նոր միջավայրին յարմարելու փոյթ մը կը տեսնենք մենք Կ. Փօլատեանի եւ իր սերնդակիցներուն, իր գաղափարակիցներուն քով։ 1945-էն 1952 թուականներուն Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Արեւմուտք» գրական եւ ազգային շաբաթաթերթին մէջ, որուն աշխատակիցներէն մէկն է Կ. Փօլատեան, կը գտնենք ինչպէս հայկական, այնպէս ալ միջազգային մտաւորական շարժումներու նուիրուած բաժիններ։ Ազգայինէն համամարդկային արժէքներու անցնելու, ազգայինը համամարդկայնացնելու ձգտում մը կայ այս սերունդին քով։ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» վէպին մէջ ճակատագրական հանդիպում մը կը նկարագրուի Բաբգէնի եւ ֆրանսացի բանաստեղծի մը միջեւ։ Այս բանաստեղծը, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Գերմանիոյ դէմ Ֆրանսայի ընդիմադիր շարժումին մէջ շատ աշխուժ գործունէութիւն մը կը ծաւալէր։ Ան Բաբգէնին կը կարդայ իր գրած մէկ նոր բանաստեղծութիւնը, որուն վերնագիրն է «Ազատութիւն» եւ վէպին մէջ կը տրուի այդ բանաստեղծութեան թարգմանութիւնը քանի մը տողով, ուրկէ կը հասկնանք, որ ան Փօլ Էլիւարն է եւ բանաստեղծութիւնը հռչակաւոր «Լիպերթէ» բանաստեղծութիւնն է, գրուած 1942-ին, Դիմադրութեան օրերուն։ Փօլատեանի «Զրոյց»-ներու շարքին առաջին հատորին մէջ կը կարդանք հարցազրոյցը Փօլ Էլիւարի հետ, ուր նոյն ձեւով կը ներկայացուի այս բանաստեղծութիւնը։ Այնտեղ Փօլատեան ֆրանսացի բանաստեղծին կ’ըսէ. «Գիտէ՞ք, որ այս բանաստեղծութիւնը ամէնէն շատ սիրողները հայերը եղած են, որովհետեւ անոնք իսկապէս գնահատած են ազատութիւնը»։ Եւ իբրեւ համեմատութիւն եւ ըսածին ապացոյց, կու տայ ինչպէս նաեւ վէպին մէջ, Միքայէլ Նալբանդեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութենէն քանի մը տող։
Վէպը ազատութեան պայքարին նուիրուած ֆրանսացի բանաստեղծին համամարդկային գաղափարով կ’աւարտի։ Այս յանձնառու բանաստեղծի կերպարէն կու գայ փրկարար միտքը. մարդկային բաժանումները արենակցական չեն, այլ հոգեկան, գաղափարական։
Վէպին մէջ ունինք նաեւ հայ բանաստեղծի մը կերպարը։ Եւ այս հայ բանաստեղծին մասին վէպի հերոսներէն Սուրէն կ’ըսէ՝ «վաւերական եւ խորունկ գրող մըն է ան ալ»։ Բայց հայ բանաստեղծը գործունեայ չէ, կրաւորական է, «միայն բառերով տարուած է» կ’ըսուի, մինչդեռ ֆրանսացի բանաստեղծը զէնքը ձեռին կ’երթայ պայքարելու իր երկրի ազատագրութեան համար։
Ե. Հինգերորդ կէտ. հայկական միջավայրէ զզուանք, զոհի հոգեբանութենէն դուրս գալու տքնաջան եւ տառապալից պայքար մըն է, զոր կը տանին վէպերու հերոսները. «Հիւանդ ենք, հիւանդոտ է հայութիւնը, առողջ մտածումով մարդիկ չենք» կ’ըսուի «Արեւելքի տղաքը»-ին մէջ։ «Հիւանդ ենք բոլորս»։ Այս պայքարին մէջ, զոհի իրավիճակէն դուրս գալու եւ հայկական միջավայրէ զզուանքի այս միտքերու համածիրին մէջ, ժամանակակից մեր ջանքերուն եւ մտահոգութիւններուն արձագանգը կը գտնենք Փօլատեանի վէպերուն մէջ։ Այս հիւանդագին հոգեվիճակը, որուն մէջ մենք խրեցանք անգամ մը եւս, Արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք, եւ անգամ մը եւս ազգովի՜ն մենք վիրաւորուած ենք։
Վէպերուն մէջ, հայութենէն զզուանքի, յուսախաբութեան ու յուսահատութեան տրամադրութիւններու այս խօսոյթը այսօրուան մեր տրամադրութիւններուն բոլորովին կը համապատասխանէ, դժբախտաբար։ Վիրաւորանքի եւ պարտութեան դաշտէն դուրս մեր խորտակուած հոգիները դժուարութիւն ունին այսօր ստեղծագործելու։ Դարձեալ հիւանդագին հոգեվիճակը կը տառապեցնէ հայը։
Հիմա, այս հոգեվիճակէն փախչիլ անգամ մը եւս կրնայ նշանակել հեռանալ, օտարին հակիլ, օտարանալ, այլանալ կամ այլանալ ուզել։ ԲԱՅՑ «սնտուկը» կայ։ Այն սնտուկը, որ դագաղի պէս իր ետեւէն կը քաշքշէր Բաբգէն, այն սնտուկը, ուր կը պահուէին իր անցեալը, յիշատակները, որ կը բացուէր առանձնութեան մէջ եւ որուն առջեւ կը տառապէր առանձին, առանձինն կը դիմակայէր ատոր բովանդակութիւնը, չէր արտօներ որ ուրիշը մօտենայ անոր, այդ նոյն սնտուկը այսօր ալ կայ, մենք ալ ունինք, մենք ալ կը շալկենք մեզի հետ։ Ի՜նչ ալ ընենք, ո՜վ ալ ըլլանք, ո՜ւր ալ երթանք, ի՜նչ վիճակի մէջ ալ գտնուինք, սնտուկը մեզի հետ է։ Այդ սնտուկին մէջ պահ դրուած են սրբութիւններ։ Բայց մէկ տարբերութեամբ. այսօրուան սնտուկը գաղտնի չէ, Բաբգէնին սնտուկին պէս մոռցուելիք եւ պահուելիք անցեալ մը չէ։ Այսօր բա՜ց է մեր սնտուկը եւ ընդունակ է նորանոր արժէքներով լեցուելու եւ ցուցադրուելու, բոլորին, եւ ջա՜նք կայ այդ ցուցադրութիւնը կատարելու, քանի որ սնտուկի երիտասարդ տէրերը ձերբազատուած են զոհի հոգեբանութենէն։
Փօլատեան ինքնութեան հարցի լուծման մէջ լաւատես է։ Հայութենէ հեռացած իր հերոսները եւ տիպարները կը վերադառնան հայութեան, բայց միշտ չէ, որ դրական լուծում կը ստանայ այս վերադարձը։ Բաբգէն ձախողած է իր կեանքին մէջ եւ կը խելագարի ու յիմարանոց կը տարուի։ Մարին, որ իսկութեան մէջ Աստղիկ հայուհին էր, անձնասպան կ’ըլլայ որպէսզի հայուհին ապրեցնէ իր մէջ։
Փօլատեան իր վիպային լուծումներով այլացածները կը դարձնէ ազգին ծոցը։ Իր լուծումը վերադարձն է, որովհետեւ անկարելի է այլանալը … «սնտուկ» կայ։
* * *
Վերջացնելու համար ես կ’ուզեմ նշել դառն իրականութիւն մը։ Որքան ալ ծանր էր այս սերունդին պայքարը՝ թէ՛ հոգեկան, եւ թէ՛ ֆիզիքական առումով, այսուհանդերձ անոնք կարողացան գրականութիւն ստեղծել, գրողներ ունենալ, արտադրել եւ ընթեցողներու գրական շրջանակ մը կազմել։ Այսօր, Ֆրանսայի գաղութը ատոր բացակայութենէն կը տառապի։ Արեւմտահայերէնը գրական մակարդակով ներկայացնելը, նուազագոյն ձեւակերպումով, մարտահրաւէր մըն է։
Այսքան…
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։