Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ին Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Գրական դէմքեր Բ.» ձեռնարկը, որ նուիրուած էր սփիւռքահայ գրող ու վիպասան Կարօ Փօլատեանին։ Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ պրն Յակոբ Չոլաքեան, որ պատմեց Կարօ Փօլատեանի հետ ունեցած անձնական փորձառութեան եւ յիշատակներուն մասին։
Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Չոլաքեանին՝ իր տուած այս ինքնաբուխ եւ օգտաշատ վկայութեան համար։ Մեկնելով անոր խօսքին կարեւորութենէն, ստորեւ կը ներկայացնենք զայն՝ նաեւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով մեր նախաձեռնութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած քաջալերական մօտեցումին եւ լաւատեսական, յոյս ներշնչող տրամադրութեան համար։
Վահան Կ. Մանճիկեան
Կարապետ (Կարօ) Փօլատեանը անձամբ ճանչցած եմ «Սփիւռք» թերթի խմբագրատան մէջ (Սիմոն Սիմոնեանի)։ Կար «Սփիւռք» թերթը, որ «Գարուն» յաւելուածը հրատարակեց երիտասարդ գրողներու համար։ Մենք միշտ հոն կ՚երթայինք, եւ Կարօ Փօլատեան այն ատեն իր գիրքերը հոն կը տպէր՝ տպարան «Սեւան»-ի մէջ, նաեւ իր «Զրոյց»-ները հոն կը կազմակերպէր: Գիտէք վեց հատոր «Զրոյցներ» ունի Կարապետ Փօլատեան շատ այժմէական հարցերու մասին՝ գրականութիւն, արուեստ եւ այլն…
Կարապետ Փօլատեան այսպէս շրջուն շունչ մըն էր ֆրանսահայ գրականութենէն եկած. Արեւելքի երկիրներուն մէջ կը պտտէր, Հալէպ ալ եղած է ութսունականներուն. հալէպցիները պէտք է յիշեն Կարապետ Փօլատեանը, ան եկած ու «Ահարոնեան» սրահին մէջ հանդիպած է ժողովուրդին, առաջնորդարանին մէջ ալ միշտ ազատ հանդիպումներ կ՚ունենար, առաջնորդարանի հիւրն էր աւելի քան երկու ամիս:
Կարապետ Փօլատեան անուղղակի կերպով Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» գիրքին (վէպին) պատասխան տուած է իր «Կը հրաժարիմ հայութենէ» գիրքով: Իր այդ Մարոյի տիպարը փաստօրէն Շահան Շահնուրի Նէնէթն է: Իսկ Պետրոսի տիպարը գիտէք՝ կը դառնայ Փիէղ, որ ի վերջոյ կը նահանջէ. «Կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»։
Շահան Շահնուր նահանջին չի հաւատար, բայց այնպէս մը կը ներկայացնէ, որ դուն գիրքը կարդալէ ետք զայն ճմռթկելով ըսես. «Ես հա՛յ պիտի մնամ, հակառակ քու ըսածիդ»։
Շահնուր մեզ կը գրգռէ, մեզ կը կատղեցնէ, մեզ մեր հունէն կը հանէ, թէ՝ «ի՞նչ կ՚ըսես, ես իմ հայութենէս չեմ կրնար հրաժարիլ»։ Կարապետ Փօլատեան անշուշտ ուրիշ ակնոցով կը դիտէ՝ որ հրաժարիլը հնարաւոր չէ. «կրակէ շապիկ» է հայութիւնը մեր վրայ, մենք այդ շապիկը չենք կրնար մեր վրայէն հանել:
Այսպէս է գրականութեան մէջ. գրողները իրարու կը պատասխանեն ուղղակի կամ անուղղակի: Այս գիրքը որոշ չափով միւս գիրքին պատասխան է, այդպէս է նաեւ իրականութեան պատկերը, զոր երկուքը միասին կ՚արտայայտեն ամբողջական կերպով:
Գիտէք, ֆրանսահայ գաղութին մէջ նահանջը կար, բայց նահանջին զուգահեռ, կար գիտակցութիւնը՝ ազգովին դիմադրելու, գոյատեւելու, մեր գոյութիւնը պահպանելու. այդ, մշակութային գիտակցութիւնը պահպանելու հարց է: Գիտէ՞ք ինչ, նոյն վիճակը այսօր ալ կայ, գացէք արեւմուտքի երկիրները, ամէն տեղ հայ մնալու ձգտում կայ:
Ես չեմ հաւատար, որ սփիւռքի մէջ ամէն ինչ կը նահանջէ, եւ հազարաւոր երիտասարդներ մեզմէ կը հեռանան անդարձ կերպով, նման բան գոյութիւն չունի:
Տեսէք, ես վերջերս Ամերիկա կը գտնուէի տիկնոջս հետ. այնտեղ հանդիպեցայ կարգ մը շրջանակներու, եղայ կարգ մը թաղամասերու մէջ, ուր ամէն տեղ հայերէն կը խօսին։ Որոշ չափով «Պուրճ Համմուտ» է, որոշ չափով «Նոր Գիւղ» է։
Այցելեցի դպրոցներ, ինը հարիւր աշակերտ ունեցող մեր դպրոցներէն մէկը՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանը։ Բակին մէջ պտտեցայ, որպէսզի գտնեմ գոնէ երկու մանուկներ, որոնք անգլերէն կը խօսին իրարու հետ. չգտա՛յ, հակառակ անոր որ միշտ այն տպաւորութիւնը ունէինք, որ մեր ազգային դպրոցներու բակերուն մէջ միայն անգլերէն կը խօսին: Նման բան ես չտեսայ: Գացի Վաչէ Պարսումեանի երաժշտական դպրոցը. հսկայական դպրոց մը, երաժշտական հաստատութիւն մը, ուր հայ երգը, հայ երաժշտութիւնը, հայ խօսքը, հայ գիրքը քեզ շրջապատած են:
Եւ ամէն տեղ հետաքրքրութիւն կայ, այսինքն՝ այն սերունդը, որ հեռացած էր որոշ չափով մեր աւազանէն, այդ սերունդի զաւակները այսօր աւելի լաւ հայեր են, քան իրենց ծնողները: Օրինակի համար մեզ հիւրընկած ընտանիքը ունէր երկու դեռատի աղջիկներ, որոնցմէ մէկը Մուսա Լեռան պատմութիւնը կ՚ուսումնասիրէր, միւսը իր ամբողջ հոգիով միութենական կեանքի մէջ նետուած էր։ Ամերիկա ծնած, ամերիկահայ վարժարան յաճախած, օտար համալսարաններ յաճախող, բայց լիովին հայ էին:
Ուրիշ մէկը կը ճանչնամ, Ամերիկայի մէջ հեռաձայնով կապուեցանք, փոքրիկները կրակի վրայ էին, հայերէն դաս կը սորվէին: Մայրը կը տանջուէր, որպէսզի փոքրիկները սորվին, ես կը մտածէի՝ որո՞ւ մեղքնամ՝ պզտիկներո՞ւն, թէ՞ մօրը: Մայրը, որ կը հետապնդէր, որ պզտիկները անդադար հայերէն սորվին, հայերէն մտածեն, իսկ փոքրիկները, որոնք կարծես թէ պարտաւորուած էին այդ «կրակէ շապիկը» իրենց վրայ կրելու, հայերէն սորվելու:
Հայկական դպրոց չկար, հայկական միջավայր չկար, բայց ահաւասիկ այդ օտար, ամայի, լքուած քաղաքին մէջ առանձին հայ ընտանիք մը այդ պայքարը կը մղէր։ Ամէն տեղ այդպէս է. հետեւաբար, ես չեմ հաւատար, որ սփիւռքը դատապարտուած է մեռնելու. կը մեռնի միայն այն ժամանակ, երբ հայրենիքի տեսիլքը կորսնցնէ։
Այսօր՝ «Հայրենի՛ք վերադարձիր» ըսելով, մարդ հայրենիք չի վերադառնար, որովհետեւ հայրենիքը այնպիսի պայմաններ պիտի ստեղծէ, որ մարդիկ քաշէ: Մենք չենք կրնար մեղադրել հայրենիքէն հեռացողն ալ, հայրենիք չվերադարձողն ալ: Մենք պէտք է մտածենք՝ այս հայրենիքը, որ պետութիւնն է մեր, ինչպէ՞ս հզօրացնենք, որ համայն հայութեան համար մագնիսական ուժ դառնայ, ժողովուրդը իրեն քաշէ:
Մենք սփիւռքի մէջ տակաւին կը դիմանանք, բայց կրնայ գալ ժամանակ մը, երբ ամէն ինչ կը վերջանայ, ինչպէս վերջացաւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ գաղութներու պատմութիւնը, ինչպէս հնդկահայ գաղութը, չէ՞։ Այդպէս ալ այսօր կրնայ մեռնիլ սփիւռքի որեւէ մէկ գաղութ: Ներառեալ՝ Մերձաւոր Արեւելքի (արեւելեան Ասիոյ) մեր գաղութները, հոն մաշում կայ։ Այնտեղ՝ Արեւմուտքի մէջ կրնայ ուղղակի նահանջ ըլլալ, ինչ որ հիմա չկայ, հիմա իսկապէս գոյութիւն չունի այդ նահանջի երեւոյթը Ամերիկաներու մէջ, թերեւս հեռաւոր, լքուած ու փոքրիկ գաղութներու մէջ նկատելի է այդ, բայց Լոս Անճըլոսի նման մեծ քաղաքի, Գալիֆորնիոյ, Ֆրեզնոյի մէջ, հնարաւոր չէ նահանջի մասին խօսիլ։
Հետեւաբար մենք պիտի հաւատանք, որ հայութենէ հրաժարելու զգացում գոյութիւն չունի այսօր։ Չկայ հայ մարդ, որ ըսէ՝ ես կը հրաժարիմ հայութենէս: Հակառակ անոր որ մենք ամէնէն դժնդա՛կ եւ ամէնէն տխո՜ւր պայմաններու մէջ ապրեցանք անցնող քանի մը տարիներուն:
Թերեւս մեծ յուսախաբութիւններ ապրեցանք, ցնցումներ ապրեցանք, թերեւս ոմանք ըսին՝ «այս ինչ բան է, հայութենէ հրաժարիլը կ՚արժէ», չէ՞, եղա՛ն այդպիսի բաներ, թերեւս հիմա ալ կ՚ըլլայ, մեր անհամերաշխութիւնը, մեր ներքին պառակտումները մեզ կը զզուեցնեն որոշ չափով: Եւ հայրենիքի մէջ մենք այդ շատ լաւ կը զգանք։
Բայց հակառակ այդ յուսախաբութիւններուն եւ ցնցումներուն, հայութենէ հրաժարելու զգացում գոյութիւն չունի:
Ահաւասիկ գրականութիւնը, որ ապրեցաւ եւ կ՚ապրի տակաւին, այսինքն, Կարապետ Փօլատեանի գրականութիւնը տակաւին մեզի ըսելիք ունի: Եւ իր արեւմտահայերէնը՝ այդ արեւմտահայերէնը, որուն մասին երբեմն շատ յոռետես կ՚արտայայտուինք, ես չեմ կարծեր, թէ հոգեվարքի մէջ է:
Այսօր ո՞վ ըսաւ, որ սփիւռքահայ գրականութիւն գոյութիւն չունի: Ըլլա՛յ Ամերիկաներու մէջ, ըլլա՛յ սփիւռքի Արեւելքի գաղութներու մէջ, ըլլա՛յ նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ, բազմաթիւ երիտասարդ գրողներ կան, որ հայերէն կը ստեղծագործեն, արեւմտահայերէն կը գրեն:
Քիչ առաջ խօսեցաւ տիկին Նորա Պարութճեանը՝ հրաշալի բանաստեղծուհի, տարիքով իմ աշակերտուհիս պիտի հաշուենք՝ շա՛տ երիտասարդ. եւ իր սերունդէն ու երիտասարդներ՝ Հալէպէն, Պէյրութէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, կը գրեն։
Ամէն տեղ կայ արեւմտահայերէնը, ամէն տեղ արեւմտահայերէնը կը գոյատեւէ: Արեւմտահայերէնը այն դժբախտ լեզուներէն է, որ իր ծննդեան օրէն արդէն քիչ կը գործածուէր։
Երբ որ մենք Պոլսոյ մէջ արեւմտահայերէն գրականութիւն ունէինք, Արեւմտահայաստանի մէջ բոլորը քրտախօս էին, կամ բարբառախօս եւ կամ թրքախօս էին:
Դանիէլ Վարուժանի խօսքը միայն պոլսեցիներուն, իզմիրցիներուն եւ քիչ մը գաւառին հասաւ, բայց աւելի խորերը՝ ո՛չ: Տարագրուեցանք երբ տակաւին Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիւ գիւղեր չունէին դպրոց: Իսկ արեւմտահայերէնը հրաշքով վերածնաւ Հալէպի մէջ, Պէյրութի մէջ: Այսինքն, երբ դարձաւ ընդհանրապէս արեւմտահայութեան ընդհանուր լեզուն:
Այսօր որոշ չափով նահանջած է, կ՚ընդունինք, բայց միեւնոյն ատեն ամէն տեղ ալ վերապրելու իրաւունք ձեռք բերած է: Վկայ՝ ամերիկահայ դպրոցները։
Երբեմն կ՚ողբան՝ «դպրոցներ գոցեցինք»։ Հոս գոցեցինք, հոն բացինք: Հալէպի կամ Սուրիոյ մէջ քսան դպրոց փակուեցաւ, քսան դպրոց Ամերիկայի մէջ բացուեցաւ, Աւստրալիոյ մէջ բացուեցաւ, Քուէյթի մէջ բացուեցաւ։
Այսինքն ժողովուրդ մը եթէ ապրիլ ուզէ՝ ապրելու զէնքը միշտ գոյութիւն ունի. ինք պէտք է աշխատի ապրեցնելու ինքզինք, իր մշակո՛յթը, ամէնէն առաջ իր լեզուին միջոցով։ Եւ գոյութիւն ունի՛ այդ:
Հետեւաբար, հայութենէ հրաժարիլ չի՛ կրնար ըլլալ գիտակցօրէն։
Յ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։