Crédit photo : JB Gurliat
Փարիզի քաղաքապետարանը կը հաղորդէ, թէ քաղաքապետական խորհուրդի յաջորդ նիստին պիտի քննարկուի Մարտ 19-ին խնդրայարոյց պարագաներու տակ, աւելի քան կասկածելի մեղադրանքներով ձերբակալուած ու բանտարկուած Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուին «Փարիզի պատուոյ քաղաքացի»-ի կոչում շնորհելու հարցը։
«Պոլսոյ քաղաքապետին ձերբակալումը յստակօրէն ցոյց կու տայ թրքական կառավարութեան կամքը՝ կարելի բոլոր միջոցներով խուսափելու ժողովրդավարական փոփոխութեան հնարաւորութենէն։ Ան ընդդիմութեան ահաբեկման փորձ մըն է եւ տեղական ազատ ինքնակառավարման սկզբունքին դէմ յարձակում մը, որ պէտք է համախմբէ բոլոր ժողովրդավարները, որոնք փարած են իրաւական պետութեան յարգանքին՝ երկրի մը մէջ, որ ի դէպ, Եւրոպայի Խորհուրդի անդամ է»,– այս առիթով կ՚ըսէ Փարիզի քաղաքապետարանը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։