Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ապրիլ 11–12 ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք դիւանագիտական ժողովին:
Աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ծրագրուած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ:
«Վերականգնել դիւանագիտութիւնը մասնատուած աշխարհի մը մէջ» խորագրեալ դիւանագիտական 4-րդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ 11–13 Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ:
Ժողովին, Թուրքիա կը հիւրընկալէ աւելի քան 100 ղեկավարներ, նախարարներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Կը մասնակցին նաեւ Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարներ՝ Լաւրով եւ Պայրամով, Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ Ահմէտ ալ-Շարաա։
Իսկ Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման հարցերու պատասխանատու անդամ Մարթա Քոս յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած ժողովրդական ճնշումներու եւ Պոլսոյ ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալման պատճառներով Եւրոպական յանձնաժողովը կը հրաժարի մասնակցելէ ժողովին։
Ան այս իրավիճակը մեկնաբանած է որպէս միջազգային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ հեղինակութեան կորուստ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։