ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նովրուզի տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։
«Կը գնահատեմ Ազերպայճանի աջակցութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները մեր գործընկեր Իսրայէլի հետ եւ կ՚ողջունեմ ա՛յն քայլերը, որոնց կը ձեռնարկեն ձեր երկիրը եւ Հայաստան շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։
Կը սպասեմ համատեղ աշխատանքի, երբ մեր երկիրները արագօրէն պիտի շարժին դէպի յաջողութիւն։ ԱՄՆ կը մնայ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հետեւողական պաշտպանը»,– նշուած է նամակին մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։