Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախապայմաններ՝ ապակայունացնելու համար Հայաստանի պետական համակարգը

Թուրքիոյ կազ­մա­կեր­պած Ան­թա­լիոյ դի­ւանա­գիտա­կան հա­մաժո­ղովին, Ազեր­պայճա­նի Արտաքին գործոց նա­խարար Ճեյհուն Պայ­րա­մով դարձեալ պնդեց եր­կու նա­խապայ­մաննե­րու վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի հետ Խա­ղաղու­թեան դա­շին­քի ստո­րագ­րմանան հա­մար։ Սահ­մա­նադ­րութեան փո­փոխու­թիւն եւ Մինսքի խումբի լու­ծում։ “Այս եր­կու պայ­մաննե­րու կա­տարուե­լէն ետք, խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նա­գրի ստո­րագ­րման հա­մար ար­գելք պի­տի չմնայ” յայ­տա­րարած էր Ալիեւ Ապ­րիլ 2-ին Գեր­մա­նիոյ նա­խագահ Հանց-Վալ­թեր Սթայնմա­յերի հետ մա­մու­լի ասու­լի­սի ըն­թացքին։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան պա­տաս­խա­նելով՝ յայտնեց, թէ Հա­յաս­տան եւս Ազեր­պայճա­նի սահ­մա­նադ­րութեան մէջ իր հան­դէպ հո­ղային պա­հանջներ կը տես­նէ, սա­կայն, անոնց ջնջումը որպէս նա­խապայ­ման չ՚առա­ջադ­րեր խա­ղաղու­թեան դա­շին­քի ստո­րագ­րման։ Ազե­րական կող­մը անդրդուելի կը մնայ. նպա­տակը Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րութիւ­նը չէ, այլ Ար­ցա­խի գո­յու­թեան մա­սին որե­ւէ նշումի չքացումը։

Հռո­մի Գրի­գորեան կա­թողի­կէ հա­մալ­սա­րանի մէջ «Քրիս­տո­նէու­թիւնը Ազեր­պայճա­նի մէջ. պատ­մութիւն եւ ար­դիակա­նու­թիւն» գի­տաժո­ղովի գլխա­ւոր նպա­տակը եւս Ար­ցա­խի մէջ հա­յու­թեան գո­յու­թեան ժխտումն է, պատ­մութեան խե­ղաթիւ­րումով, մշա­կու­թա­յին ու հո­գեւոր ժա­ռան­գութեան ձե­ւազեղ­ծումով, ոչնչա­ցու­մով, բնիկ ժո­ղովուրդին տե­ղահանու­թեան անտեսումով, զանցառումով։

Այս երե­ւոյթնե­րու զու­գա­հեռա­կանու­թիւնը ցոյց կու տայ ազե­րական կող­մին հե­տեւո­ղական կան­խամտա­ծուած քա­ղաքա­կանու­թիւնը՝ հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան ու պատ­մա­կան հետ­քե­րու ջնջու­մին, հայ ժո­ղովուրդին՝ իրաց նոր դրու­թեան մը պարտադրման, ուր ան­դառնա­լիօրէն օրէնսդրու­թեամբ ամ­րագրուած ըլ­լայ ան­կա­րելիու­թիւնը անոր վե­րադար­ձի որե­ւէ նա­խաձեռ­նութեան կամ քայ­լի։

Այս ռազ­մա­վարու­թիւնը նոր չէ, Թուրքիա եւս որ­դեգրած է։ Վեր­ջերս ԱՄ­Ն-ու մէջ NAASR Հայ­կա­կան ու­սումնա­սիրու­թեան կեդ­րո­նի կող­մէ Monuments and Identities in the Caucasus, Karabakh, Nakhichevan and Azerbaijan in Contemporary Geopolitical Conflict հա­տորի քննար­կման ըն­թացքին, փրոֆ. Սե­պուհ Աս­լա­նեան անդրա­դար­ձաւ թրքա­կան պատ­մագրու­թեան մէջ տեղ գտած խե­ղաթիւ­րումնե­րու, երե­ւոյթ մը որ 1918-ին ար­դէն իր ծի­լերը արձակած էր թուրք պատ­մա­բան Ռեզա Նուրի «Ermeni Tarihi» (Հա­յոց պատ­մութիւն) գոր­ծով, ուր հայ­կա­կան բարձրա­ւան­դա­կին մէջ թրքա­կան ներ­կա­յու­թեան կը վերագրուէր 4000-ամեայ ան­ցեալ, մինչ հա­յերը կը նե­րկա­յանան իբրեւ եկուոր­ներ… տե­սու­թիւն մը որ հե­տագա­յին Ազե­րինե­րը շա­րու­նա­կած են, ինչպէս՝ Ֆա­րիտա Մա­մետո­վա, Զիա Պու­նեաթով…

Ու­րեմն, բնաւ զար­մա­նալի չէ որ Ալիեւ որ­դեգրէ պատ­մութեան խե­ղաթիւ­րման ռազմավարութիւ­նը, զայն քա­ղաքա­կան գոր­ծի­քի վե­րածե­լով, ամ­րապնդե­լու համար իր իշ­խա­նու­թիւնը, պար­տադրե­լու պատ­մութեան վե­րըն­թերցու­մը, ու­ժի, սպառ­նա­լի­քի, կա­շառ­քի, բռնու­թեան մի­ջոց­ներ գոր­ծա­ծելով, մին­չեւ Վա­տիկա­նի վաս­տա­կաւոր կաթողի­կէ Գրի­գորեան հա­մալ­սա­րանը։ Մէկ խօս­քով որ­քան սու­տը մեծ ըլ­լայ՝ այնքան աւե­լի հեշտ է զայն հա­ւատաց­նելը, ու­ժի գոր­ծադրու­թեամբ։

Նոյն տրա­մաբա­նու­թեան մէջ պէտք է դի­տել Ար­ցա­խի իշ­խա­նաւոր­նե­րու դա­տու­մը, Ապ­րիլ 13-ին Ազեր­պայճա­նի կող­մէ գնդա­կոծումը Սիւ­նի­քի Խնա­ծախ գիւ­ղի Մշա­կոյ­թի տան, հայ­կա­կան բա­նակին վերագրուող հրաձ­գութեան կեղծ ամ­բաստա­նու­թիւննե­րը, եւ­րո­պացի դէ­տերու միջ­նորդա­կան առա­քելու­թեան հետ գոր­ծակցու­թեան մեր­ժումը… տնտե­սական հա­ղոր­դակցութեան ուղի­նե­րու բա­ց­ման մեր­­ժումը։ Մէկ կող­­մէ խա­­ղաղու­­թեան դա­­շինք կնքե­­լու բա­­նակ­­ցութիւններ վա­­րել, միւս կող­­մէ սահ­­մա­­­նային լա­­րում ստեղ­­ծել… սա ցոյց կու տայ Ազեր­­պայճա­նի մար­տա­վարու­թեան հե­տապնդած գլխա­ւոր նպա­տակը՝ ապա­կայու­նացնել Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղաքա­կան վի­ճակը, յու­սա­լով որ պա­տեհ առի­թը կը ստեղ­ծո­ւի, նոր յար­ձա­կում մը գոր­ծե­լու եւ Սիւ­նի­քի մի­ջանցքը ու­ժի գոր­ծադրու­թեամբ բա­նալու։

Ժ.Չ. ■


Nor Haratch Telegram