Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Սուրիոյ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը մասնակցած են «CHREDO» կազմակերպութեան քրիստոնէութեան մարտահրաւէրներուն նուիրուած խորհրդաժողովին

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7-ին, Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Յոյն-մելքիթներու Հալէպի թեմի առաջնորդ Ժորժ եպիսկ. Մասրի, ընդառաջելով Փարիզի «CHREDO» կազմակերպութեան հրաւէրին, մասնակցեցան Սուրիոյ քրիստոնէութեան մարտահրաւէրներուն նուիրուած խորհրդաժողոովին:

«CHREDO»-ն Արեւելքի վտանգուած քրիստոնեաներուն մարտահրաւէրները համակարգող կազմակերպութիւն մըն է եւ կը հետապնդէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի Խորհրդարաններու ամպիոններէն՝ քրիստոնեաներուն ձայնը լսելի դարձնելու նպատակը:

Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահուհի Տիկ. Վալերի Փեքրէսի հովանաւորութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ:

Բացման խօսքը կատարեց Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի փոխնախագահ եւ «CHREDO» կազմակերպութեան նախագահ Փաթրիք Քարամ, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վալերի Փեքրէս:

Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան Սուրիոյ հոգեւոր համայնքապետերը, որոնք խօսեցան Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ՝ քրիստոնեաներու մարտահրաւէրներուն եւ իրաւունքներուն մասին: Արմաշ սրբազան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութեան: Ան ըսաւ. “Անհրաժեշտ է, որ Ֆրանսա եւ Եւրոպա Սուրիոյ մէջ գործող եկեղեցիներուն սատարեն ու զօրացնեն եւ ընդունին զանոնք որպէս գործընկերներ: Որովհետեւ զօրաւոր եկեղեցին ապահով երաշխիքն է Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան: Այս համագործակցութեամբ քրիստոնեաները կրնան իրենց ներդրումը ունենալ օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդարութեան հաստատման, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, կրօնական, մշակութային բազմազանութեան, սահմանադրութեան մշակման եւ Սուրիոյ վերականգնումին մէջ”:

Խորհրդաժողովին փակման խօսքը արտասանեց Ֆրանսայի Ներքին գործոց եւ կրօնից հարցերու նախարար Պրիւնօ Ռըթայօ:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական, հանրային եւ մարդասիրական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ  չորս հարիւրէ աւելի հիւրեր: