Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Լայփցիկի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։

Ներկաները ողջունած են նշեալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պերնհարտ Շթիֆ, Լայփցիկ քաղաքի Միջազգային համագործակցութեան բաժնի ղեկավար Կապրիէլէ Կոլտֆուս, Լայփցիկի Հայկական մշակութային միութեան վարչութեան նախագահ Անահիտ Պապայեան, Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Էնօ Հաքս եւ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Լուսինէ Դաւթեան։

Պերլինի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քահանայ Յակոբեան աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Աւարտին տեղի ունեցած է մոմավառութիւն։