Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՇԱՐԱՆԹՈՆ-ԼԸ-ՓՈՆ – Ֆրանսահայ բարերար Կարպիս Ջրբաշեանին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւն

Ապրիլ 16-ին, Փարիզեան շրջան Շարանթոն-լը-Փոնի՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման արարողութեանց ծիրին մէջ, Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի անդամներ, Վալ-տը-Մառն նահանգի, Շարանթոն-լը-Փոնի եւ յարակից քաղաքներու քաղաքապետեր, ֆրանսահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանի բնակիչներ համախմբուեցան եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին նուիրուած հայկական խաչքարին առջեւ:

Ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Արման Խաչատրեան, երեսփոխան Միշէլ Հերպիյոն, Վալ-տը-Մառն նահանգի նախագահ Օլիվիէ Գափիթանիօ, Շարանթոն-լը-Փոնի քաղաքապետ Հերվէ Ժիքէլ եւ Վալ-տը-Մառնի Ֆրանքեւհայկական միութեան նախագահուհի Տելֆին Գույումճեան:

Արարողութեան աւարտին, բացումը կատարուեցաւ խաչքարին առջեւ զետեղուած ֆրանսահայ գործարար, բարերար Կարպիս Ջրբաշեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակին։ Հանգուցեալը մեծ ներդրում ունեցած է թէ՛ իր ապրած քաղաքին եւ թէ՛ ֆրանսահայութեան կեանքին մէջ։