Ապրիլ 17-ին, Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարարներ՝ Վահան Կոստանեան, Լաշա Տարսալիա եւ Էլնուր Մամետով։
Վրացական լրասփիւռներուն համաձայն՝ եռակողմ հանդիպումին քննարկուած են տարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող հարցեր։
Նոյն օրը Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ նման հանդիպում մը նախատեսուած է։ Առայժմ այլ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։