Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Ցեղասպանագիտութեան շաբթուան» ընթացքին Newmag կը ներկայացնէ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ անոր նոր գիրքը՝ «Ցեղասպան պետութեան ակունքները»

Newmag հրատարակչութիւնը հայերէնով հրատարակած է Թաներ Աքչամի «Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը, որ կը բացայայտէ Թուրքիոյ պետականութեան մութ հիմքերը։ Շնորհահանդէսի եւ «Ցեղասպանագիտութեան շաբթուան» ծիրէն ներս թուրք պատմաբանը կ՚այցելէ Հայաստան։

Թաներ Աքչամ իր իւրայատուկ տեղը ունի ժամանակակից պատմագրութեան մէջ։ Նախկին քաղաքական բանտարկեալ մը, որ փախած է Թուրքիայէն եւ քաղաքական ապաստան ստացած Գերմանիոյ մէջ, իր գիտական ասպարէզը նուիրած է պատմական ճշմարտութեան բացայայտման։ Իր դոկտորական աւարտաճառը «Թրքական ազգայնականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթին շուրջ պաշտպանելէ ետք, Աքչամ դարձած է Քլարք համալսարանի Հայագիտութեան կեդրոնի ղեկավարը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հեղինակութիւն մը։

«Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքին մասին արտայայտուած են նոյնիսկ թուրք մտաւորականները։ Թուրք լրագրող Աթիլլա Այթեմուր աշխատութեան մասին գրած է.

«Ակնյայտ է, որ Աքչամի գիրքին մէջ արտայայտուած գաղափարները կը հակասեն այն տեսակէտներուն, որոնց վարժուած ենք։ Նոյնքան ակնյայտ է, որ Թուրքիա 100 տարի է, որ չի կրնար լուծել կարեւորագոյն խնդիրները, որոնք կը ստուերեն նաեւ մեր ներկան։ Բոլորը գիտեն, որ կրօնական եւ ցեղային խտրականութիւնը այս երկրի չսպիացած վէրքերն են, որոնք Թուրքիոյ մէջ գաղտնիք կը համարուին»։

Աշխատութիւնը մանրակրկիտ կը վերլուծէ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծագման ժամանակաշրջանը (1918-1923)՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս էր երկրի ձեւաւորումը հիմնուած ցեղային զտումներու, ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան եւ apartheid-ի վրայ։

Հիմնուելով արխիւային փաստաթուղթերու եւ բացառիկ աղբիւրներու վրայ՝ Աքչամ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս են իշխանութեան գաղափարախօսութիւնն ու կառոյցները աստիճանաբար վերածուած քաղաքականութեան՝ յանգեցնելով ցեղային զտումներու եւ, ի վերջոյ, ցեղասպանութեան։

Գիրքը հարցականի տակ կը դնէ Թուրքիոյ հիմնադրման պաշտօնական պատմութիւնը, ցոյց տալով, որ երկիրը կառուցուած է ոչ թէ հաւասարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու, այլ խտրականութեան, բռնութեան եւ ճնշումներու հիմքի վրայ։

Յատկապէս արժէքաւոր է Աքչամի վերլուծութիւնը, թէ ինչպէս է պետական կառուցուածքը ինքնին դարձած «ափարթէյտի» համակարգ՝ ճնշելով ոչ միայն հայերը, այլեւ քիւրտերը, ալեւիները եւ այլ կրօնական ու ցեղային փոքրամասնութիւնները ամբողջ հանրապետութեան գոյութեան ընթացքին։

«Ցեղասպան պետութեան ակունքները» գիրքը ոչ միայն կը բացայայտէ անցեալի մութ էջերը, այլեւ կ’առաջարկէ թրքական պատմութիւնը վերաշարադրել նոր տեսանկիւնէ՝ ազատուելով պետական քարոզչութենէն։ Աքչամ համոզուած է, որ միայն անցեալի սխալները ընդունելէ ետք, Թուրքիա կրնայ կառուցել իսկապէս ազատ եւ արդար հասարակութիւն մը։

«ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ»

Աշխատութեան շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Newmag-ի եւ ՀԲԸՄ Հայաստանի կազմակերպած «Ցեղասպանագիտութեան շաբաթ»-ի ընթացքին՝ Ապրիլ 22-ին, ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ։

Սոյն բացառիկ ծրագիրը, որ կ՚իրականացուի ՀԲԸՄ-ի դրամաշնորհով, պիտի սկսի Ապրիլ 21-ին եւ պիտի աւարտի Ապրիլ 24-ին։ Նոր գիրքերու շնորհահանդէսներէն բացի, տեղի պիտի ունենայ հարցազրոյց-քննարկում՝ հայ եւ միջազգային մասնագէտներու, գրողներու մասնակցութեամբ, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Թաներ Աքչամ։ Թուրք գիտնականի Հայաստան այցը կազմակերպած է Ex Oriente Հայաստանի արեւելագէտներու միութիւնը։