Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքուի մէջ կը սպասեն Հայաստանի Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագրի ջնջումին 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարը՝ թրքական TRT World-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, թէ «Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները պէտք է կատարուին»։

Ճեյհուն Պայրամով պնդած է, թէ այս հարցին շուրջ իր պահանջները Պաքու արդէն երկու տարի առաջ ներկայացուցած է. «Խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն զուգահեռ մենք շարունակաբար ներկայացուցած ենք այս պատգամը Հայաստանին»:

Ան ընդգծած է, թէ այս պահանջը երկու հիմնաւորում ունի՝ ոչ միայն իրաւական, այլեւ՝ հոգեբանական։

“Մենք կը կարծենք, որ հանրաքուէով Սահմանադրութիւնը փոխելը ցոյց կու տայ եւ որոշ առումով կը հաստատէ, թէ դրացիներու հանդէպ երկար ժամանակ շարունակուած յարձակողական քաղաքականութենէն ետք հայաստանեան հասարակութիւնը իրականին մէջ կը հասկնայ, որ այդ մէկը սխալ քաղաքականութիւն էր”։

Շեշտելով, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու յաջորդ պահանջն ալ Մինսքի խումբի լուծումն է, Ազերպայճանի ԱԳ նախարարը ըսած է. “Ամէն ինչ կախեալ է հայկական կողմի քայլերէն։ Մենք երբեմն քննարկումներ կը լսենք Հայաստանի մէջ Սահմանադրութիւնը փոխելու ծրագրերու մասին, բայց յայտնի չէ, թէ յստակօրէն ի՛նչ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին։ Կը յուսանք, որ Անկախութեան հռչակագրին յղումը պիտի ջնջուի, մենք կը սպասենք ատոր”։

Նշենք, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթ առաջին անգամ յայտարարեց, թէ նոր Սահմանադրութեան բնագրին մէջ Անկախութեան հռչակագրին յղում պէտք չէ ըլլայ, յստակօրէն շեշտելով, թէ այդ իր քաղաքական դիրքորոշումն է:

“Այդ տեքստը նրա մասին է, որ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւն, պետականութիւն չի կարող լինել, չի կարող լինել, դա անհնար է: Եթէ ես սա ասում եմ, հետեւաբար՝ ես չեմ կարող ասել, որ նոր Սահմանադրութեան տեքստում պէտք է լինի յղում Անկախութեան հռչակագրին։ Ընդհակառակը՝ ես կարող եմ ասել, որ իմ կարծիքով՝ նոր Սահմանադրութեան տեքստում չպէտք է լինի յղում Անկախութեան հռչակագրին, բայց էլի ուզում եմ ասել՝ որոշողը Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն է, ի հարկէ՝ փաստարկներ, կողմ եւ դէմ փաստարկներ բերողը քաղաքական ուժերն են”,– յայտարարած էր Փաշինեան: