Հայաստան հրաւէր ստացած է մասնակցելու Ազերպայճանի մէջ կայանալիք Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան՝ ԱՊՀ-ի երրորդ մարզախաղերուն։ Հրաւէրներ ուղարկուած են ԱՊՀ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն։ Հայաստան տակաւին իր մասնակցութիւնը չէ հաստատած։
Խաղերու բացման եւ փակման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Կեանճայի կեդրոնական մարզադաշտին վրայ։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այս կապակցութեամբ յայտնած է, թէ առաջարկը յառաջիկային պիտի քննարկուի եւ որոշում պիտի կայացուի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։