Ապրիլ 23-ին, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան Պաքուի բանտէն ընտանիքին հետ հեռաձայնային կապի միջոցով 168.am-ին ձայնագրութիւն մը յղած է։
Բաբայեան յատկապէս տեղեկացուցած է, թէ իր խօսքերը 1992-ի Իվանեանի (Խոճալու) դէպքերու կապակցութեամբ ազերպայճանական լրասփիւռները խեղաթիւրած են։ Ինք այդ իրադարձութիւններու պատասխանատու նկատած է ազերպայճանական կողմը եւ թէ այդ եղած է ներիշխանական պայքարի հետեւանքով։
«Ամէն ինչ նորմալ է: Ի հարկէ, շատ ենք կարօտում մեր ընտանիքներին: Ի հարկէ, շատ մտահոգուած ենք մեր հայ ազգի ճակատագրով, գիշեր-ցերեկ մտածում ենք, բայց ամէն ինչ լաւ կը լինի:
Վաղը Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցն է: Հոգիով-մտքով ձեզ հետ ենք: Հոգիով-մտքով ես լինելու եմ նաեւ Ծիծեռնակաբերդում: Լաւ եղէք, պինդ եղէք, մեր մասին մի՛ մտածէք»,– ի միջի այլոց ըսած է Բաբայեան:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։