Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ ընդունելութիւն՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ

Ապրիլ 24-ին, Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած ընդունելութիւնը, որ տարիներէ ի վեր այլեւս դարձած է աւանդութիւն։  Ներկայ էին խորհրդարանականներ, Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, համայնքային, մշակութային եւ եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսահայեր։

Ընդունելութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան տիկին Հիտալկօ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահները եւ հուսկ՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան:

Գալ տարուան քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Տիկին Հիտալկօ յայտարարած ըլլալով, որ այլեւս պիտի չ՚առաջադրէ իր թեկնածութիւնը քաղաքապետութեան պաշտօնին եւ հետեւաբար վերջին անգամն է, որ կը հիւրընկալէր հայ համայնքը քաղաքապետարանի երդիքին տակ, դիմաւորելով դեսպան Խաչատրեանը ըսաւ. “Այս ձեր տունն է… Մենք ընտանիք մըն ենք”։

Յիշելէ ետք 2015-ին իր այցը Հայաստան եւ նշելէ ետք, թէ քանի մը ժամ ետք Էյֆէլեան աշտարակը պիտի խաւարի առ ի յարգանք Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին՝ ընդգծեց. “Երբե՛ք պէտք չէ մոռնալ” եւ թէ “ապրողներս պէտք է վառ պահենք բոլոր զոհերու յիշատակը, ցոյց տանք որ դահիճները ձախողեցան ու չկրցան վերջ տալ կեանքին”։ Ան աւելցուց, որ մենք նաեւ պէտք է պայքարինք ժխտողականութեան դէմ եւ այս առումով ընդգծեց ժխտողականութեան պատժելիութեան կարեւորութիւնը, առանց որուն՝ «հայերու նկատմամբ ատելութեան մշակոյթը կը շարունակուի ու կը ծաւալի»։ Տիկին Հիտալկօ ըսաւ, որ այս անպատժելիութենէն քաջալերուած՝ Ազերպայճան պատերազմ մղեց 2020-ին, սպանելով այնքա՜ն երիտասարդներ եւ արցախահայութիւնը ենթարկելով ցեղային զտման։ 

Ան նաեւ ողջունեց Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը եւ ըսաւ. “Մենք ձեր կողքին ենք նաեւ դատապարտելու համար այս ժխտողականութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրցաւ տեղի ունենալ ցեղային զտում։ Որովհետեւ, չդատապարտուեցաւ ժխտողականութիւնը”։ 

Քաղաքապետուհին անդրադարձաւ նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու պարագային։ “Եթէ Ազերպայճան ըլլար օրէնքի երկիր՝ հիմա անոնք բանտը պէտք չէ ըլլային” ըսաւ ան ու անհրաժեշտ նկատեց միջազգային դիւանագիտական մակարդակով աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ զօրաշարժի ենթարկել հանրային կարծիքները։ Շեշտը դնելով ժողովրդավարական արժէքներու կարեւորութեան վրայ՝ տիկին Հիտալկօ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. “Մենք պիտի մնանք ձեր կողքին որպէս անխափան հսկիչներ եւ անսասան աջակիցներ… Հայաստան մինակ չէ”։ 

Իսկ դեսպան Խաչատրեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց Փարիզի քաղաքապետուհիին՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերած բացառիկ զօրակցութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար, որուն ակնառու դրսեւորումներէն են Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած այս ընդունելութեան կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի՝ ի նպաստ Հայաստանի որդեգրած բազմաթիւ բանաձեւերը։ Ան շեշտեց, թէ պատմութեան ընթացքին Ֆրանսա միշտ եղած է հայ ժողովուրդի կողքին, դառնալով երկրորդ հայրենիք՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած հազարաւոր հայերու համար, իսկ վերջիններս ալ, իբրեւ երախտագիտութիւն, իրենց կեանքը նուիրած են Ֆրանսայի պաշտպանութեան ու զարգացման։

Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց թէ, ցաւօք, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ազգային պատկանելիութեան հիմքով գործուած ցեղասպանութիւնը, հայութեան նիւթական սեփականութեան իւրացումը, հազարամեակներու տարեգրութիւն ունեցող պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան ոչնչացումը ժամանակին արժանացած չըլլալով միջազգային հանրութեան համապատասխան դատապարտումին՝ յաջորդող տասնամեակներուն ալ տեղի ունեցած են մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ եւ ոճրագործութիւններ, ներառեալ՝ արցախահայութեան նկատմամբ իրագործուած ցեղային զտումը։

Այս համածիրին մէջ դեսպան Խաչատրեան նշեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր դարձած է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դէմ պայքարի առաջամարտիկներէն մէկը՝ սեփական պատմութեամբ գիտակցելով այդ ոճիրներուն ամբողջ ողբերգութիւնը։