Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը ողջունած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, ինչպէս նաև Թուրքիոյ հայ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներ անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

“Մենք պէտք է ընդունինք, որ արժէքաւոր են բոլոր այն քայլերը, որոնք կ՚ամրապնդեն խոր պատմութիւն ունեցող դրացի երկիրներու յարաբերութիւնները՝ թէ՛ ներդրումային, թէ՛ մշակութային առումով։ Պոլսահայութեան համար չափազանց կարևոր է նաև, որ յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ բարելաւուին, որպէսզի երկու հասարակութիւններն ալ ճանչնան զիրար, աշխատին միասին, ներդրումներ կատարեն, և այս ուղղութեամբ մշակութային հարուստ արժէքները ընդհանուր լեզու գտնեն իրարու հետ”,– ըսած է Մաշալեան արք.։

«Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան ալ նշած է.- “Թռիչքներու մեկնարկը ինծի լաւատեսութիւն կը ներշնչէ։ Սահմանները պէտք է բացուին, դիւանագիտական յարաբերութիւնները նոյնպէս պէտք է բարելաւուին. ասիկա պէտք է ըլլայ առաջին քայլը: Յարաբերութիւնները պէտք է աւելի ընդլայնուին”:

Իր կարգին, փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու ներկայացուցիչ փրոֆ. դոկտ. Թորոս Ալճան, խօսելով նոյն թեմայի վերաբերեալ, յայտնած է.– “Ես ատիկա դրական եւ ուշացած քայլ կը նկատեմ: Շատ իմաստալից է, որ բարեկամութեան լեզուն կը վերադառնայ։ Կը յուսամ, թէ խաղաղութիւնը եւս կը վերադառնայ։ Առանց պատերազմներու, նոր բարեկամութեան դուռ կը բացուի”։